2014-08-29 10:26:43

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը շնորհաւորէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ զօրակցութեան նամակ կը յղէ Սագօ Պատրիարքին


Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիրաքը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարքի ծննդեան 63-րդ տարեդարձին առթիւ շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց, որով կը մաղթէ հայրապետին արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն, որպէսզի միեւնոյն երիտասարդական կորովով, շրջահայեցութեամբ, նուիրումով եւ իմաստութեամբ շարունակէ հայ Եկեղեցին առաջնորդելու աստուածատուր առաքելութիւնը: Հոգեւոր Տէրը կը հաստատէ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւնը ի խնդիր հայ Եկեղեցւոյ յարաճուն պայծառացման, հայ ժողովուրդի մօտ լուսաւորչեան հաւատքի զօրացման, ի խնդիր համազգային հիմնախնդիրներու լուծումին եւ առաջադրանքներուն իրականացումին:
Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նամակ մը յղեց նաեւ Իրաքի քաղդէացիներու պատրիարք` Լուիս Ռուֆայիլ Ա. Սագօյին, որով կը նշէ, թէ մեծ էր իր փափաքը անձամբ կիսելու Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութեան տառապանքը, բայց կամքէ անկախ պատճառներով չկրցաւ միանալ հոգեւոր առաջնորդներու խումբին, որոնք առաքելութեամբ մը Լիբանանէն ուղուեցան Էրպիլ: Հոգեւոր Տէրը նոյն նամակով կը յայտնէ իր զօրակցութիւնը Իրաքի մէջ տառապող քրիստոնեաներուն յիշեցնելով՝ հայ ազգի կրած արհաւիրքները պատմութեան ընթացքին, երբ 1915-ին, օսմանեան իշխանութեան ձեռքով զոհ գացին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայ:
Ան յայտնեց նաեւ իր սէրն ու ջերմ աղօթքները առ Աստուած, որ շուտով հեռացնէ այս ամպը անմեղ ու տառապեալ ժողովուրդէն յիշելով, որ Գողգոթայի ճամբան Տէր Յիսուս Քրիստոս փրկիչի շնորհքով հաւատքի նահատակութեան կը տանի:








All the contents on this site are copyrighted ©.