2014-08-28 08:41:39

Վիէթնամի եպիսկոպոսական դասի նախագահի տպաւորութիւնները Քորէայի մէջ կայացած` Ասիայի երիտասարդութեան 6-րդ հաւաքի մասին։


''ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ուրախութիւնը եղաւ Քորէա առաքելական ճամբորդութեան զիս ամենէն աւելին տպաւորող իրողութիւնը'', ըսաւ Փօլ Պուի Վան Տոք` Արքեպիսկոպոսը, նախագահը Վիէթնամի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին, Ազատ Ասիա վիէթնամեան ձայնասփիւռին հետ ունեցած զեկոյցին ընթացքին։ Այս առթիւ Ան նաեւ բաղդատութիւններ կատարեց Վիէթնամի եւ Քորէայի եկեղեցիներու միջեւ կայացած տարբերութիւններուն, ընդգծելով որ Քորէայի եկեղեցին նուազ կղերական է եւ շատ աւելի միսիոնարական ուր աշխարհականները մեծ դեր մը կը խաղան։ Ան յիշեցուց որ Քորէայի առաջին քրիստոնեայ համայնքը պտուղն է աշխարհականներու քարոզութեան եւ այդ պատճառաւ անոնք առաջնահերթ դեր մը ունին եկեղեցւոյ շինութեան ու անոր պայծառութեան ուղիով։ Վիէթնամի եկեղեցին ընդհակառակը շատ կղերական բնոյթ ունի, առ այդ, հարկաւոր է քաջալերել Վիէթնամի եկեղեցականները լայն տեղ տալու աշխարհականներուն եւ մասնաւորապէս երիտասարդներուն'' յայտնեց Փօլ Պուի Վան Տոք արքեպիսկոպոսը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.