2014-08-28 08:16:28

Արեւելեան Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու վեհաժողովը ահազանգ հնչեցուց շրջանի քրիստոնեաներուն գծով


Չորեքշաբթի, 27 օգոստոս 2014-ի յետմիջօրէին, Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ արեւելեան եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու վեհաժողովը` մասնակցութեամբ լիբանանցի եւ շրջանի (յատկապէս` Իրաքի) քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն: Ուշագրաւ էր, որ այս ժողովին պապական նուիրակին կողքին մասնակցեցան նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչն ու ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութեանց դեսպանները:
Վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկէ Հայոց գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Արամ Ա վեհափառ հայրապետը որ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ` «Իսլամ ծայրայեղականութիւնը վտանգ կը ներկայացնէ ոչ միայն քրիստոնեայ համայնքներուն, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքին, ամբողջ իսլամութեան ու համայն մարդկութեան: Այս ծիրին մէջ պէտք է դիտուին արմատական ու ծայրայեղ իսլամական շարժումները», Ան ապա ընդգծեց, որ «Քրիստոնէութիւնը դարեր շարունակ ապրած է իսլամութեան հետ եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը պէտք է շարունակուի փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի մթնոլորտի մէջ»:
Ժողովականները այս առթիւ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, զոր ընթերցեց մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Պուլոս Սայահ եպիսկոպոսը` կոչ ուղղելով կասեցնելու արմատական եւ ահաբեկչական կազմակերպութեանց գործունէութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը միջազգային ընտանիքը պատասխանատու նկատեց ՏԱՀԵՇ-ի եւ անոր նման կազմակերպութիւններու հզօրացման համար` անհրաժեշտ նկատելով ճնշում բանեցնել այս կազմակերպութեանց նիւթապէս զօրակցող կողմերուն վրայ` արմատախիլ ընելու համար շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնը: Հաղորդագրութիւնը «մեծ աղէտ» որակեց Մուսուլի եւ Նինուէի քրիստոնեաներուն դէմ ՏԱՀԵՇ-ի կիրարկած բռնարարքները, որոնց պատճառով անոնք սարսափահար հեռացան` լքելով իրենց տուներն ու ինչքերը: «Քրիստոնեաներուն դէմ յարձակումները կը սպառնան նաեւ այլ երկիրներու` Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Իրաքի, քրիստոնեաներու ներկայութեան առհասարակ, ուր քրիստոնեաներ տգեղ վերաբերմունքի կ՛ենթարկուին ու կը հարկադրուին գաղթելու, աւելցուց հաղորդագրութիւնը` ընդգծելով, որ հակառակ բոլոր բռնարարքներուն, քրիստոնեաները կառչած կը մնան իրենց հողին ու ազատութեան` յանձնառու մնալով Աւետարանի սկզբունքներուն:
Ժողովականները վերյիշեցին Հալէպի առեւանգեալ առաջնորդներուն թղթածրարը` նշելով, որ անիկա կը ներկայացնէ Սուրիոյ դէպքերուն մէկ մութ պատկերը: Անոնք նաեւ անդրադարձան Լիբանանի կացութեան` կոչ ուղղելով նախագահի ընտրութեան հարցը անջատելու շրջանային ու միջազգային տագնապներէն եւ փութալու նախագահի ընտրութեան, որ «անհրաժեշտ քայլ է», նախքան որեւէ քայլ խորհրդարանական ընտրութեան գծով:
Այս առիթով իր կատարած յայտարարութեան մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի հաւաստեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւնները ճնշում կը բանեցնեն` վերջ տալու համար Իրաքի մէջ պատահող բռնարարքներուն եւ կը բազմացնեն գաղթականներուն յատկացուող օժանդակութեանց քանակը: Փլամպլի իր կարգին շեշտեց համակեցութեան կարեւորութիւնը Իրաքի զանազան համայնքներուն եւ բաղկացուցիչ տարրերուն միջեւ: Ան նաեւ շեշտեց Լիբանանի նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը, «որ կարեւոր է Լիբանանի եւ շրջանին համար»:
Նմանապէս Ռայի պատրիարքը հերքեց իր զօրակցութիւնը Լիբանանի նախագահութեան այս կամ այն թեկնածուին: Ան կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն խորհրդարան ուղղուելու եւ նախագահ ընտրելու այն թեկնածուն, զոր կը խորհին, որ զօրաւորագոյնն է:
Յայտնենք որ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր (28/8) առաւօտուն կը մեկնի Վատիկան` եկեղեցական պատկան կողմերուն փոխանցելու պատրիարքներու պատուիրակութեան հետ Իրաքի քրիստոնեաներուն տուած իր այցելութեան տպաւորութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.