2014-08-27 08:59:57

Օպամա արտօնած է Սուրիոյ վերեւ հետախուզական թռիչքներ կատարել։


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ամերիկեան վարչակազմի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա գաղտնի սպասարկութեանց արտօնած է հետախուզական թռիչքներ կատարել Սուրիոյ վերեւ:
Միացեալ Նահանգներ կը սերտեն Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին մէջ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ պայքարելու կարելիութիւնը, իսկ ատիկա կատարելու համար Ուաշինկթընին անհրաժեշտ է արժանահաւատ տեղեկութիւն:
Այդպիսի տեղեկութիւններ ստանալու գործին մէջ հետախուզական թռիչքները կարեւոր տարր կը նկատուին: Ըստ փորձագէտներու, այդ քայլին կրնան յաջորդել օդային հարուածները:
Սպիտակ տան կից Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն յայտնած են, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Ուաշինկթըն մտադիր է օգտագործել բոլոր կարելիութիւնները:
Օպամա երէկ նաեւ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ¬ը քաղցկեղի նման է եւ անոր վերջ տալը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ: Ան նշեց, որ այս հարցով իր երկրին ռազմավարութիւնը շրջանային ու միջազգային դաշինք ստեղծելն է եւ ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ պայքարին աջակցիլը:
Օպամա նաեւ ընդգծեց. «Պիտի չարտօնենք, որ մեր զինուորները Իրաքի մէջ պատերազմի մէջ ներքաշուին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.