2014-08-27 09:23:05

''ՄԱԿ-ի յառաջիկայ նիստին Կարտինալ Ֆիլոնին ժողովականներուն կրնայ փոխանցել Իրաքի առաքելութեան իր փորձառութեան վկայութիւնը'' յայտնեց գերապայծառ Թոմազի։


ՄԱԿ-ի մօտ Վատիկանի մնայուն դէտ, գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի իր մասնակցութիւնը բերելով, 24 – 31 օգոստոս, Ռիմինիի մէջ կայացած ''ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւն'' հաւաքին, յայտնեց թէ Ֆրաչիսկոս Քահանայապետի Իրաքի համար յատուկ պատուիրակ` Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնի, կրնայ Իրաքեան առաքելութեան իր փորձառութեան վկայութիւնը փոխանցել ՄԱԿ-ի` մարդու իրաւուքներու խորհուրդի յառաջիկայ նիստի ընթացքին որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 2014-ին։
Գերապայծառ Թոմազի յայտնեց նաեւ թէ մինչ այդ Արեւելքի Պատրիարքները եւս հանդիպում պիտի ունենան քննարկելու Իրաքի տագնապը ու Քրիստոնեաներու իրավիճակը''։
Վատիկանի դիւանագէտը Ռիմինիի հաւաքին ընթացքին ունեցած իր միջամտութեան մէջ վերակոչած է նաեւ Արեւելքի Պատրիարքներու ՄԱԿ-ի, Արաբական լիկայի եւ այլ միջազգային մարմիններու ուշադրութեան յանձնած առաջարկները` Զօրակցութիւն իրենց բնօրրանէն բռնագաղթած քրիստոնեաներուն: Հանդիպում Վատիկանի մօտ պատկան պատասխանատուներուն հետ: Միջազգային ընտանիքէն պահանջ` ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.