2014-08-26 09:09:21

''Արեւելքի առաջին Քրիստոնեաները եւ նոր հազարամիակի մարտահրաւէրները'' խորագորվ ցուցահանդէս` կազմակերպութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպանատան։


''Միջին Արեւելքի քրիստոնեներու ապագան վտանգի մէջ է'' յայտնեց դեսպան Մինասեան։

24 – 30 օգոստոս 2014, Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ''Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւն'' 2014-ի հաւաքին առթիւ, Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած է ''Արեւելքի առաջին Քրիստոնեաները եւ նոր հազարամիակի մարտահրաւէրները'' խորագորվ յատուկ ցուցահանդէս մը, Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան մասին որուն բացման առթիւ, Կիրակի` 24 օգոստոսին, այցելուներու թիւը գերացանցեց վեց հազարը։
Ռիմինիէն ետք ցուցահանդէսը պիտի փոխադրուի Հռոմ` ու անոր բացումը պիտի կատարուի 18 օգոստոսին, ՀՀ նախագահի ներկայութեամբ, հուսկ ցուցահանդէսը կ՛անցնի Պրիւքսել, Փարիզ ու այլ եւրոական երկիրներ։
Այս առթիւ Ռատիովատկանի հայկական բաժնի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպանՎսեմաշուք Տիար Միքայէլ Մինասեան փոխանցեց հետեւեալ տեղեկութիւնները
RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.