2014-08-26 09:15:48

Ամէն ինչ զոհել հոգիներու փրկութեան համար


Այն ժամանակ, շաբաթ օր մը, Յիսուս կ'անցնէր անոնց արտերուն մէջէն, անոր աշակերտները անօթեցեր էին, սկսան հասկեր քաղել եւ ուտել: Փարիսեցիները տեսան եւ ըսին անոր. ահաւասիկ աշակերտներդ կ'ընեն, ինչ որ արտօնուած չէ ընել շաբաթ օրը: Բայց ինք ըսաւ անոնց. ,Չէ՞ք կարդացած ինչ որ ըրաւ Դաւիթ, երբ անօթեցաւ, ինք եւ իր ընկերները: Ի՞նչպէս մտաւ Աստուծոյ տունը եւ թէ ինչպէս անոնք կերան հացն առաջաւորութեան եւ անոր չէր արտօնուած զայն ուտել, ոչ ալ անոր ընկերներուն, այլ միայն քահանաներուն: Եւ կամ չէ՞ք կարդացած օրէնքին մէջ թէ՝ շաբաթ օրը, տաճարին մէջ քահանաները շաբաթ կը լուծեն եւ յանցաւոր չեն: Արդ ես կ'ըսեմ ձեզի թէ՝ հոս կայ աւելի մեծը, քան տաճարը: Եթէ դուք գիտնայիք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Գթութիւն կ'ուզեմ եւ ոչ զոհը, չէիք դատապարտեր անմեղները, որովհետեւ մարդու Որդին տէրն է շաբաթ օրուան (Մաթ 12, 1-8):

Խօսք մըն է որ զիս կը յիշեցնէ իմ նախկին եպիսկոպոսս, երբ մեզի յաճախ կը կրկնէր այս խօսքը թէ կեանքին մէջ ամէնակարեւոր բանն է փրկել ուրիշին հոգին, զինք հասցնելու արքայութեան:
Մեզմէ՝ որպէս քրիստոնեաներ կը պահանչուի որ միշտ կարդանք կեանքի անձուդարձերը հասկնալու թէ սատանան միշտ ներկայ է մեր առօրեային մէջ, կը ջանայ մեզ իր թակարդին մէջ դնել իրեն նման ապրելու համար:
Աղօթելու ենք. Ո՜վ Տէր, Քեզի կը հաւատամ, գիտեմ, որ դուն ներկայ ես ամէնուրէք, գիտեմ որ դուն միշտ զիս կը փնտռես եւ կը հետապնդես անէն տեսական ձեւով: Յիսուսին հետ քալել մեծ շնորհք մըն է մեզի համար: Մեր միտքը կու գայ երբ Յիսուս կը քալէր ցորենի դաշտին մէջ, մեծ խնդիր յարոյց հրեաներու համար որովհետեւ արտօնուած չէր շաբաթ օրով որեւէ գործ մը ընել, որովհետեւ կը նախընտրէին թերեւս որ աւելի յարմար ըլլար եթէ տաճար երթար քան թէ հասկ քաղել: Աշակերտները ունէին մենաշնորհումը ընտանեկան յարաբերութիւնը ունենալու Աստուծոյ Որդիին հետ: Աշակերտները հանգիստ եւ անհոգ էին որովհետեւ ապահովութիւն մը ունէին որ էր Տիրոջ ապահովոթիւնը: Այս անձնական փորձարութիւնը շատ կարեւոր էր իրենց համար որովհետեւ Յիսուսին անձը իրենց վստահութիւն կը ներշնչէր մանաւանդ ապագային համար երբ յետ Յարութեան եւ Համբարձման կրցան մեկնիլ ամէն տեղ քարոզելու առանց վախի նոր քրիստոնէութիւնը եւ Յիսուսին հաւատքը:
Մենք որպէս ժառանգորդները առաքեալներուն եւ աշակերտներուն կը զգանք Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր մէջ նոյնիսկ անտեսանելի ձեւով: Սրբարար շնորհքով կ'ապրի մեր մէջ, ուրիշ բան չունինք եթէ ոչ բարձրացնելու մեր հոգիները եւ սրտերը դէպի իրեն աղօթելով:
Փարիսեցիները չկրցան հասկնալ եւ իրագործել Յիսուսին այս պատգամները եւ ձեւերը անոնք անյապաղ կերպով զինք դատապարտեցին եւ քննադատեցին զինք մատնելով շաբաթ օրուայ գործունէութեան պատճառով որովհետեւ մտատանջուած էին օրէնքի գաղափարէն եւ հասկի քաղելէն, բոլորովին անգիտանալով հոգին: Այս կեցուածքը մեզ կը հեռացնէ հաւատքէն եւ բարոյականութենէն:
Մեծ տեղ կը գրաւէ մեր կեանքին մէջ սէրը եւ ողորմութիւնը:
Ուրիշ տկարութիւն մըն ալ կը գտնենք ոչ միայն փարիսեցիներուն մէջ այլ այսօրուայ կարգ մը մարդոց մէջ որոնք չեն ուզեր ո՛չ իրենց եւ ո՛չ ալ ուրիշին սխալը շտկել: Փոխանակ երթալու ճշգրիտ աղբիւրին հարցնելու օրէնքին ճշմարտութեան մասին, կը փնտռեն առիթը քննադատելու եւ իրենց դատումը ժխտական ձեւով արտայայտելու: Յիսուս հոս յստակ կերպով եւ հանդարտութեամբ կը պատասխանէ տարակոյսին մէջ գտնուող հրեաներուն բացատրելով իրենց իր առաքելութեան ճշմարտութիւնները, ջանալով իրենց սրտերն ու աչքերը բանալու առանց իյնալու փարիսեցիներուն թակարդին մէջ: Յիսուս որպէս խոնարհ եւ սրտով բարի կը փորձէ միշտ կորսուածները օգնել եւ անոնց փրկել վտանգներէն:
Շնորհակալ եմ քեզի ո՜վ Յիսուս քու ներկայութեանդ իմ կեանքիս մէջ: Օգնէ ինծի որ օրէ օր աւելի զգամ քու ներկայութիւնդ իմ առօրեայիս մէջ որովհետեւ կ'ուզեմ քեզի պէս բարի եւ խոնարհ ըլլալ եւ միշտ պայքարիլ ճշմարտութեանդ համար: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.