2014-08-25 13:06:48

Մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու ''Խաղաղութեան ի սպաս ոտնագունդի խաղի միջկրօնական հանդիպումը''։


''Մարզանքը միջոց մըն է հաղորդելու այն արժէքները որ կը զարգացնեն մարդ էակներու բարիքը, եւ կը նպաստեն կերտելու աւելի խաղաղ եւ եղբայրական ընկերութիւն մը։ Մտաբերենք՝ հաւատարմութիւնը, հաստատակամութիւնը, բարեկամութիւնը, բաժնեկցութիւնը եւ զօրակցութիւնը''։
Ասոնք Ֆրանչիսկոս քահանայպաետի խօսքերն են, որ բաղձանք յայտնած է կազմակերպել մարզական միջազգային ձեռնարկ մը որ` աշխարհի զանազան կրօններուն առիթ հանդիսանայ իրար հանդիպելու եւ բարեկամանալու''։ Կը կարդանք ''Խաղաղութեան ի սպաս ոտնագունդի խաղի միջկրօնական հանդիպումի'' առթիւ լոյս տեսած կայքէջին մէջ, որուն ներկայացումը տեղի ունեցաւ` Երկուշաբթի 25 օգոստոսին, Ռատիովատիկանի Մարքոնի սրահին մէջ մասնակցութեամբ` հաւաքի կազմակերպիչ մարզիկներուն։

''Խաղաղութեան ի սպաս ոտնագունդի խաղի միջկրօնական հանդիպումը'' նախատեսուած է յառաջիկայ սեպտեմբեր մէկին, Հռոմի մէջ, ոտնագունդի աշխարհի ամենալաւ մարզիկներու մասնակցութեամբ, որոնք պիտի ներկայացնեն աշխարհի զանազան կրօնները։ Պատմական այս հաւաքը հիմնուած է հոգեւորութեան,եւ մարզական եղբայրութեան վրայ, յանուն ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.