2014-08-23 11:32:48

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Ափրիկէի նուիրեալ կոյսերուն։


Արեւելեան եւ կեդրոնական Ափրիկէի կրօնաւորուհիները, Զամբիայի Լուզաքա քաղաքին մէջ` 21-30 Օգոստոս 2014-ին կը կատարեն իրենց նուիրապետութեան 16-րդ հաւաքը։ Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանապետը պատգամ մը ուղղած է ժողովական քոյրերուն , հրաւիրելով զանոնք Աստուծոյ սրտով ծառայել Քրիստոսի։
Պատգամը կը կրէ ստորագրութիւնը Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարտինալ Փարոլինի։
Սրբազան Հայրը կը քաջալերէ կրօնաւորուհիները առանց վերապահութեան եւ աներկիւղ ինքզինքնին տրամադրեն Աստուծոյ կամքին եւ օգնութեան հասնին մերձաւորին եւ մասնաւորապէս կարօտեալին։ Յայտնենք, որ Արեւելեան եւ կեդրոնական Ափրիկէի կրօնաւորուհիներու ընկերակցութիւնը կը հաշուէ աւելի քան 20 հազար կրօնաւորուհիներ եւ այս տարի կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 40-րդ տարեդարձը։







All the contents on this site are copyrighted ©.