2014-08-22 14:22:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հեռաձայնային կապ հաստատած է Ամերիկացի
Լրագրող Ժէյմս Ֆոլէյի ընտանիքին հետ


Հինգշաբթի, 21 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը
հեռաձայնային կապ հաստատած է Իրաքի մէջ բարբարոսութեամբ սպաննուած
Ամերիկացի լրագրող Ժէյմս Ֆոլէյ-ի ընտանիքին հետ։
Այս մասին Վատիկանի ձայնասփիւռին յայտնեց, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի
փոխ տնօրէն՝ Հայր Չիրօ Պէնէտէթթինին։
Հայր Չիրօ յայտնեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը, հինգշաբթի, 21 օգոստոսին , երեկոյեան ժամը 8-ին, հեռաձայնած է լրագրող Ժէյմս Ֆոլէյ-ի ընտանիքին, ու անոնց յայտնած է իր մօտիկութիւնը։
Ֆրանչիկսոս Պապը, նախ՝ խօսած է լրագրողին մօրը տպաւորուած մնալով անոր զօրաւոր հաւատքէն, ապա խօսած է լրագրողին հօր եւ անոր ընտանիքին այլ հարազատի մը հետ։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ լրագրող Ժէյմս Ֆոլէյ-ի ընտանիքը յայտնած են իրենց միասնական մաղթանքը, որ նման ողբերգական արաք մը չկրկնուի։
Ժէյմս Ֆոլէյ-ի ընտանիքին թաղամասը բնակող Ամերիկացի Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Ժէյմս Մարթինիի վկայութեամբ, լրագրող Ժէյմս Ֆոլէյ-ին ընտանիքը շատ ազդուած եւ յուզուած մնացած են Ֆրանչիսկոս Պապի ցուցաբերած մօտիկութենէն։
Նշենք, թէ Ամերիկացի լրագող 40 տարեկան Կաթողիկէ Ժէյմս Ֆոլէյ, իր ուսումը
աւարտած էր Յիսուսեան միաբանութեան պատկան ՝՝Մարքէթ՝՝ համալսարանին մէջ,
եւ անոնց հետ միշտ կապի մէջ մնացած է տեղեկացնելով անոնց Իրաքի , Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ իր գործունէութեան մասին անոնցմէ խնդրեով որ միշտ է աղօթեն իրեն համար։
2012 թուին, մինչ՝ Ժէյմս Ֆոլէյ առեւանգուած եւ բանտարկուած վիճակի մէջ կը գտնուէր նախ Լիպիոյ ապա Սուրիոյ բանտերուն մէջ, իր հարազատներուն յղած նամակներուն մէջ խոստովանած է իր ունեցած մեծ ջերմեռանդութիւնը՝ հանդէպ Տիրամօր եւ թէ իր ազատագրումը վերոնշեալ բանտերէն կը պարտի Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքներուն։
Միացեալ նահանգներու Wisconsin նահանգին մէջ գտնուող Յիսուսեան միաբանութեան համալսարանը, յառաջիկայ 26 օգոստոսին, կազմակերպած է հոգեւոր, արարողութիւն մը ի պատիւ Ժէյմս Ֆոլէյի յիշատակին։







All the contents on this site are copyrighted ©.