2014-08-23 14:36:53

Բ. Կիրակի զկնի Փոխման
Մարկ. Դ. 35-40


Յիսուս բազմաթիւ հրաշքներու մէջէն, զորս գործած էր ամբոխներու հաւատքը արծարծելու համար, օր մըն ալ հովամրրիկը դադրեցուց, որ վտանք կը սպառնար նաւակին, որուն մէջ կը գտնուէին առաքեալները Յիսուսի հետ:
Յիսուս, առաքեալներուն հետ ճամբորդութիւն մը կը կատարէ, որ կը դառնայ հոգեւոր անկիւնադարձ մը, անցք մը, վախէն ու մահէն դէպի հաւատք եւ կեանք:
Մահուան ու չար զօրութիւններուն տագնապալի վախին առջեւ, առաքեալները դարձուցին իրենց ակնարկը Յիսուսի ըսելով. «Վարդապետ, քու հոգդ չէ՞, որ մենք ահա կը կորսուինք»:
Առաքեալները վախցան, որովհետեւ կը խորհէին, թէ պիտի մեռնին: Արդ Քրիստոսի հաւատքը սորվեցուցած ըլլալու էր իրենց, թէ մահը գոյութիւն չունի: Ահա, ինչ որ Յիսուս ուզեց հասկցնել առաքեալներուն, կապ մը հաստատելով վախի, մահուան ու հաւատքի միջեւ: Յիսուս Տէր է կեանքի ինչպէս նաեւ մահուան:
Աւետարանական այս դէպքը կը պատկերացնէ Եկեղեցւոյ եւ իւրաքանչիւր մարդուն կեանքը: Եկեղեցին պատմութեան ընթացքին քանիցս թշնամիներու կատաղի յարձակումներուն նշաւակ եղած է. բազմաթիւ հերետիկոսութիւններ, արիւնալից հալածանքներ, համայնավարութիւնը, աղանդներն ու աղանդաւորները եւ զանազան ուրիշ սպառնալիքներ, սակայն այս բոլոր փոթորիկներուն մէջէն Եկեղեցին միշտ յաղթական դուրս գալով` կը շարունակէ իր սովորական ճամբան, կը կատարէ իրեն յանձնուած պատասխանատու առաքելութիւնը:
Փոթորիկը պատկերն է նաեւ մեր հոգւոյն նաւակին: Մարդկային կեանքի մէջ ապակաս են փոթորիկները. պատերազմները, խռովութիւնները, նեղութիւնները: Որքան վտանքներ, փորձութիւններ կը սպառնան մեր հոգւոյն նաւակին եւ կարծէք թէ մեր հոգին այլեւս պիտի չկարենայ տոկալ եւ խեղդամահ պիտի ըլլայ: Սոյն յուսահատական պահերուն մեր միակ յոյսը, ապաւէնը ըլլալու է Ամենակարող Յիսուսը, որ կրնայ մեզ փոթորիկէն ազատել, ինչպէս ազատեց առաքեալները, որոնք կորսուելու վրայ էին: Չվախնանք ուրեմն կեանքի դժուարութիւններէն եւ նեղութիւններէն, քանզի Քրիստոս մեզ պիտի հասցնէ փրկութեան նաւահանգիստը: Մեր բովանդակ յոյսը, վստահութիւնը իր վրայ դնենք ու պիտի յաղթենք բոլոր դժուարութիւններուն: Բայց ուշադրութիւն. երբեմն Քրիստոս քնանալ կը ձեւանայ, կարծէք թէ անտարբեր է, մեր ձայնը չի լսեր եւ մեզմով չի սպաղիր: Նա միշտ մեր քովն է մեզ պաշտպանելու համար ամէն վտանքին դէմ:
Ընդունայն տեղ մարդիկ խաղաղութիւն, անդորրութիւն կը փնտռեն Յիսուսէն հեռու: Քանի քանի հոգիներ խղճի խայթէն տանջուելով` Յիսուսի մօտ գտած են իրենց հոգւոյն ճշմարիտ խաղաղութիւնը: Յիսուս միայն կրնայ հարազատ խաղաղութիւն պարգեւել աշխարհի եւ հոգիներուն: Մօտենանք իրեն եթէ մեր հոգւոյն խաղաղութիւնը կը բաղձանք: Չվախնանք երբ կեանքի հազար ու մէկ դժուարութիւններու առջեւ գտնուինք ու չխռովինք, մեր բովանդակ յոյսը ու վստահութիւնը Քրիստոսի վրայ յենունք, եւ հաւատքով ըսենք անոր. - մեզի հետ մնացիր Տէր, որովհետեւ միայն դուն կարող ես յաւերժացնել սիրոյ պահերը որ ապրեցանք միասին: Որովհետեւ քու մէջդ միայն կրնանք վերագտնել եռանդն ու նուիրումը` որ մեր կեանքին սլացք կու տան: Որովհետեւ քեզմով միայն ժամանակը կը դադրի ըլլալէ սահող ժամերու տաղկտալի շղթայ մը եւ կը դառնայ մասնիկ մը յաւիտենականութեան: Մեզի հետ մնացիր Տէր, որովհետեւ քեզի հետ մնալով` վախ չունինք, որովհետեւ դուն Սէր ես, Դուն յոյս ես, Դուն Կեանք ես:








All the contents on this site are copyrighted ©.