2014-08-23 11:18:44

Պելճիքայի հոգեւոր պատասխանատուները, կը դատապարտեն ծայրայեղ մահմետականներու դիրքը յանուն կրօնի


ՊելՃիքայի քրիստոնեայ, հրեայ եւ մահմետական գերագոյն գլխաւոր պետերը միացեալ յայտարարութեամբ կը դատապարտեն ծայրայեղ մահմետականներու բռնած դիրքը յանուն կրօնի։ ՝՝Ոչ ոք իրաւունք ունի յանուն կրօնի սպաննել կամ վտարել փոքրամասնութիւնները՝՝։ Կրօնապետերը խստիւ կը դատապարտեն յանուն կրօնի փոքրամասնութիւնները հալածող ծայրայեղ մահմետականները եւ միասնական կոչ կ'ընեն յարգելու ուրիշին ցեղը, կրօնը եւ մշակոյթը եւ վերապահութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք կ'ուզեն կրօնքը շահագործել իրենց սեփական շահերուն ի խնդիր։







All the contents on this site are copyrighted ©.