2014-08-23 10:57:47

Պահրէյնի թագաւորը հողաշերտ մը նուիրած է քրիստոնեայ համայնքին եկեղեցի մը կառուցանելու համար


Արաբիոյ առաքելական փոխանորդը` գերապայծառ Camillo Balli, յանուն երկրի քրիստոնեայ համայնքին Պահրէյնի թագաւոր` Hamad bin Isa Al Khalifaյին իր երախտագիտութիւնը յայտնած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ հողաշերտ մը նուիրելուն համար։ Առաքելական փոխանորդը իր շնորհակալութեան գիրին մէջ կոչ կ'ուղղէ յարգելու եւ պաշտպանելու փոքրամասնութիւնները։ Յայտնենք, որ նուիրատուութեան կէտնպատակն է եկեղեցւոյ մը կառուցումը։ Եկեղեցին պիտի կոչուի ''Արաբիոյ Տիրամայր''։







All the contents on this site are copyrighted ©.