2014-08-23 13:44:40

Յանուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Կարտինալ Փարոլինի պատգամը ''Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում'' կոչուած իտալական եկեղեցական շարժումի 35-րդ հաւաքին առթիւ։


''Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում'' կոչուած Իտալական եկեղեցական շարժումի, ''Դէպի աշխարհի եւ էութեան արուարձանները՝՝ բնաբանը կրող, ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան 35-րդ հաւաքին առթիւ , որ սկիզք կ՝առնէ Երկուշաբթի, 25 օգոստոստին, Ռիմինի քաղաղքին մէջ, Վատիկանի Պետքարտուղար Կարտինալ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, պատգամ մը յղեց հաւաքի մասնակցողներուն։
Իր պատգամին մէջ Կարտինալ Փարոլինը, իր եւ Ֆրանչիսկսոս Քահանայապետի ողջոյնները եւ օրհնութիւնները փոխանցեց բոլորին, ապա գնահատեց հաւաքի բնաբանի ընտրանքի որոշումը ''Դէպի աշխարհի եւ էութեան արուարձանները,՝՝ յայտնելով թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Արժանթինի մէջ իր եպիսկոպոսական առաքելութեան օրերէն, նշմարած է, թէ արուարձանները լոկ վայրեր չեն այլ՝ նաեւ մասնաւորապէս անձեր են։
Ան ապա մէջբերեց Նորին Սրբութեան խօսքը՝ Եկեղեցին կանչուած է ինքնիրմէ դուրս ելլելու
եւ երթալու դէպի արուարձանները՝ ոչ միայն աշխարհարագրական գետնի վրայ, այլ դէպի էականը, այսինքն՝ դէպի մեղքի խորհուրդը, վիշտը, անարդարութիւնը տգիտութիւնը եւ դէպի հաւատքի պակասը ։
Կարտինալ Փարոլինը իր պատգամին աւարտին ըսաւ. մինչ՝ Ֆրանչիկսոս Պապը ձեզմէ կը խնդրէ աղօթել իրեն համար ձեր վրայ կը հայցէ Աստուածամօր հովանին
Նշենք, թէ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Վատիկանեան եւ Եկեղեցական անձնաւորութիւններ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն վերոյիշեալ հաւաքին, անոնցմէ նշենք` ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ Սիլվանօ Մարիա Թոմազի, Իտալիոյ Փերուճա թեմին արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Կուալթիէրօ Պասսէթթի, Ֆերրարայի արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Լուիճի Նէկրի, Թարանթոյի արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Ֆիլիփփօ Սանթորօ, Մոնրէալէ թեմի արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Միքելէ Փեննիզի, Նիճերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Ինիացիուս Քայկամա, եւ Քաղտէացիներու Պատրիարքական օգնական եպիսկոպոս` գերապայծառ Շելմոն Ուարտունի։
Հաւաքին կը մասնակցին նաեւ ակատեմական աշխարհի ներկայացուցիչներ որոնցմէ նշենք Եգիպտոսի Ալ Ազհար համալսարանի նախագահը` Ուսամա Էլ Ապէտ։Զանազան ձեռնարկներուն կից հաւաքը յատուկ ցուցահանդէս մը կը կազմակերպած է Պատմական Սուրիոյ վերաբերեալ որուն խորագիրն է ''Ժամանակներու խորքերէն, հասարակութեան եւ հաղորդակցութեան ծագումը''








All the contents on this site are copyrighted ©.