2014-08-23 09:30:11

''Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում'' կոչուած շարժումի, ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան 35-րդ հաւաքը։


''Դէպի աշխարհի եւ էութեան արուարձանները. Մարդու ճակատագիրը զինք մինակ չթողուց''։

24 – 30 օգոստոս 2014, Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ, տեղի կ'ունենայ ''Հաղորդութիւն ու ազատագրում'' կոչուած շարժումի 35-րդ հաւաքը որուն այս տարուայ բնաբանն է ''Դէպի աշխարհի եւ էութեան արուարձանները. Մարդու ճակատագիրը զինք մինակ չթողուց''։
''Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւն'' Ռիմինիի այս հաւաքը Իտալիոյ համար դարձած է ճշմարիտ հասատատութիւն մը, որուն կը մասնակցին Իտալիոյ` քաղաքական, համալսարանական ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէն հրաւիրուած հեղինակաւոր դէմքեր։
Այս տարուայ թեման ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քրիստոնեաներու ուղղած հրաւէրէն` ''հանդիպիլ մարդուն, որեւէ մէկ միջավայրի մէջ որ գտնուի, անոր մտահոգութիւններուն եւ աշխարհը յուզող ճգնաժամային տագնապներուն գտնելու դրական հեռանկարներ ինչպէս` զանազան երկիրներու մէջ հալածուած քրիտոնեաներու ապրած ողբերգութիւնը, համաշխահականացումի տնտեսութեան անապահովութիւնն ու ֆինանսական նոր շահարկումներու սպառնալիքը, պատերազմներէն խուսափելու միտումով` ողջ ազգերու գաղթականութեան երեւոյթը, ճնշումի եւ աղքատութիւն իրողութիւնը եւ միլիոնաւոր երիտասարդներու անգործութեան եւ աշխատանքի պակասի իրականութիւնը։
Հաւաքը սկիզբ կ՛առնէ երկուշաբթի, 24 օգոստոս 2014-ին, Ռիմինիի արեքպիսկոպոս` գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Լամպիազէի մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ, որուն անմիջապէս կը յաջորդէ հաւաքի պաշտօնական բացումը եւ կլոր սեղանը, որուն ընթացքին Սուրբ Երկրի պահակ` Հայր Փիէրպաթթիսթա Փիցցապալլա եւ ''Rainews24'' կայանի տնօրէնուհի` Մոնիքա Մաճճոնի կը զրուցեն ''խաղաղութիւն եւ երկխօսութիւն'' նիւթին մասին։
Մէկ շաբաթ տեւող հարուստ յայտագիրը կը նախատեսէ հարիւր գիտաժողով, 14 ցուցահանդէսներ, 17 գեղարուսետական ներկայացումներ եւ 10 մարզական միջոցառումներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.