2014-08-23 14:37:01

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում` Բ Կիրակի զկնի Փոխման` Մարկոս 4, 35-40


35 Նոյն օրը` երբ իրիկուն կ'ըլլար, ըսաւ անոնց. «[Եկէ՛ք ծովուն] միւս եզերքը անցնինք»:
36 Անոնք ալ բազմութիւնը արձակելով` առին զինք, քանի նաւուն մէջ էր. ուրիշ նաւակներ ալ կային անոր հետ:
37 Ու հզօր փոթորիկ մը եղաւ եւ ալիքները նաւուն վրայ կը խուժէին, այնպէս որ արդէն կը լեցուէր.
38 իսկ ինք` նաւուն ետեւի կողմը` բարձի վրայ կը քնանար: Արթնցուցին զինք եւ ըսին իրեն. «Վարդապե՛տ, հոգ չե՞ս ըներ` որ կը կորսուինք»:
39 Ուստի ելլելով` սաստեց հովը եւ ըսաւ ծովուն. «Դադրէ՛, լո՛ւռ կեցիր»: Հովը դադրեցաւ, ու մեծ խաղաղութիւն եղաւ:
40 Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այդպէս երկչոտ էք. ի՞նչպէս կ'ըլլայ` որ հաւատք չունիք»:
41 Անոնք չափազանց վախցան, եւ կ'ըսէին իրարու. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ նոյնիսկ հովն ու ծովը կը հնազանդին իրեն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.