2014-08-22 10:18:28

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հեռագիրը Տիթրոյթի թեմի երբեմնի առաջնորդ կարտինալ Էտմունտ Քազիմիր Սզոքայի մահուան ի լուր


Ոչ եւս է Ամերիկացի կարտինալ Էտմունտ Քազիմիր Սզոքան, երբեմնի արքեպիսկոպոս
Միացեալ նահանգներու Տիթրոյթ թեմին։
Հանգուցեալ Կարտինալը երկար ժամանակէ ի վեր հիւանդ վիճակի մէջ կը գտնուէր։
Ան իր մահկանացուն կնքեց 86 տարեկանին , չորեքշաբթի, 20 օգոստոսին։
Կարտինալ Էտմունտ Սզոքայի մահուան ի լուր, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը,
հեռագիր մը յղեց Տիթրոյթի թեմի կղերին եւ հաւատացեալներուն։
Հեռագիրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, երախտագիտութեամբ յիշելով հանգուցեալ կարտինալի եպիսկոպոսական երկար տարիներու անխոնջ ծառայութիւնը, աղօթքով կը միանայ թեմի կղերին եւ հաւատացելաներուն, յանձնելով հանգուցեալին հոգին Աստուծոյ ողորմութեան։
Հեռագիրի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը, թեմի կղերական դասի եւ անոր հաւատացեալներուն կու տայ անոնց Իր Առաքելական օրհնութիւնը որպէս մխիթարութիւն եւ խաղաղութիւն ի Քրիստոս։







All the contents on this site are copyrighted ©.