2014-08-22 14:27:47

Եկեղեցւոյ ուսուցումը դեղերու գործածութեան մասին


Մարմնական եւ հոգեկան առողջութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է, որ պահպանելու եւ օգտագործելու է այն նպատակներուն համար՝ որ Աստուած մեզի տուած է:
Նկատի առած որ, տառապանքը կրնայ արգելք հանդիսանալ անձնական կամ ընկերային նպատակներուն ամբողջական իրագործումին, գգայազրկիչ դեղերը բարոյապէս օրինաւոր են եւ եղբայրսիրութեան արարք մը՝ տառապողին նկատմամբ:
Սակայն, զգայազրկիչ դեղերը, այնպիսի զօրաւոր կերպով կ՛ազդեն, որ շատ մը պարագաներու մէջ վնասակար արդիւնքներ կ՛արձանագրեն ու մեծագոյն բարիք մը կը խափանեն:
Բժիշկը, որ կարգ մր միջոցառումներու կր դիմէ, հակասութեան մէջ չ՛ըլլար եթէ բնական բարոյականի եւ քրիստոնեական բարոյականի օրէնքներէն չշեղի. ան կր ջանայ Ստեղծիչին կարգադրութեամբ ցաւը մարդուն իշխանութեան տակ դնել (Պիոս ԺԲ՝ 24 Փետրուար 1957):
Ուստի, Եկեղեցին որեւէ ձեւով ցաւը կրելու կողմնակից չէ: Իր վարդապետութեան մէջ, օրինաւոր կը նկատէ մեղմացնելու կամ բուժելու մարմնական ցաւերը, միշտ նկատի առնելու անձին բարոյականն ու արժանապատուութիւնը:
Հաստատելով այս սկգբունքը, որու արմատները Աստուածաշունչին մէջ խարսխուած են, Եկեղեցին կը յորդորէ քրիստոնեայ հաւատացեալները կրելու զաւը՝ միացած Քրիսաոսի, որ յարութիւն առաւ մեր փրկութեան համար, եւ որ ծառայեց Աստուծոյ եւ ցաւով տառապողներուն:
«Տառապանքին մէջ, Կ՛ըսէ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս բ, ոչ միշտ եւ ոչ ալ բոլորովին մերժելով, հաւատացեալր կր գտնէ ոյժը մաքրուելու եւ մասնակցելու իր եղբայրները փրկելու գործին մէջ» (Յովհաննէս Պօղոս բ, 4 Հոկտեմբեր 1984»:
Բժշկութիւնն ու բժշկական դարմանումները նպատակ ունենալու են ո՛չ միայն մարմինին բարիքն ու առողջութիւնը, այլ ինքնին անձը, որ հիւանդ է մարմնով. հիւանդութիւնն ու տառապանքը փորձեր չեն, որ լոկ կր հային մարդուն մարմինին, այլ` կը հային մարդուն իր ամբողջութեան մէջ, իր մարմնա-ոգեկան միութեան մէջ:
Հիւանդութիւնն ու տառապանքր երեւոյթներ, են որոնք ստէպ հարցադրումներ կ՛արծարծեն, գերազզնցելով ինքնին բժշկութիւնը շօշափելու համար մարդուն էութիւնը այս աշխարհիս վրայ:
Քրիստոսի փրկագործութիւնն ու անոր փրկարար շնորհքը կը հասնին մարդուն իր մարդկութեան ամբողջութեան մէջ, նաեւ հիւանդութեան, տառապանքին եւ մահուան պարագաներուն։
Եկեղեցին եւ քրիստոնեաները քաջութեամբ եւ լուսամտութեամբ կր միջամտեն, պահպանելու համար էական արժէքներն ու գերագոյն իրաւունքներր մարդ անհատին՝ միացած արժանապատուութեան եւ ճակատագրին (Յովհաննէս Պօղոս բ, 7 Dolentum humanum 11 Փետրուար 1985»:
Մահացու դեղերու գործածութիւնը կրնայ կողմնակի ժխտական ազղեցութիւններ ունենալ, ու տարակոյսներ յարուցանել իր բարոյական օրինաւորութեան նկատմամբ:
«Դ՛ուք մեզ կը հարցապնդէք ցաւին իշխելու՝ մահացու դեղերու միջոցաւ. բժշկական տեսանկիւնէն պահանջուած՝ թոյլատու է կրօնքին, ինչպէս նաեւ բժիշկին բարոյականին, նոյնիսկ մօտենալ մահուան, երբ մահացու դեղերու գործածութիւնը կը նախատեսէ կեանքը յապաւել: Կը պատասխանենք. եթէ ուրիշ միջոցներ չկան, եթէ կրօնական եւ բարոյական այլ պարտակսւնութիւններու արգելք չեն ըլլար, Այո՛» (Պիոս ԺԲ 24\2\1957 Dichiarazione sulla Eutanasia)։
Այս պարագային, կը յարմարցուի երկու արդիւնքի բարոյական սկզբունքը, որ կը գործադրուի միջոցառումները բարոյապէս լաւ ուսումնասիրելով, ուզելու պարագային՝ ուղղակի րարի արդիւնքեր կու տան. լոկ անուղղակի պարագային եւ առանց ուղելու՝ ժխտական արդիւնք:
Կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է. հետեւաբար, պէտք է պահպանուի ու խնամուի. բայց, պահանջ չկայ դիմելու այն միջոցներուն, որոնք քրիստոնէական բարոյականութեան մէջ կոչուած են «արտաքոյ կարգի», նկատի առնելով դժուարութիւնները, վտանգն ու ծախսերը, ինչպէս նաեւ, հիւանդին վիճակն ու անոր ֆիզիքական ու բարոյական ոյժը:
Վերջապէս հիւանդին ցաւն ու տառապանքը սփոփելու եւ մեղմացնելու պարտականութիւնը՝ չի՛ հայիր լոկ բժիշկներուն եւ ազգականներուն, այլ՝ ամբողջ հասարակութեան, մանաւանդ քրիստոնեային՝ որ հիւանդին մէջ պէտք է տեսնէ Քրիստոսի ներկայութիւնը:
Եկեղեցիէն հաստատուած հիւանդներուն այցելութիւնը, մարդկային գթութեան գործ մըն է, եւ յատկապէս մեր ժամանակներուն ՝ օգտակար ու կարեւոր պարտականութիւն մը:







All the contents on this site are copyrighted ©.