2014-08-21 11:07:14

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը կարտինալ Ֆիլոնիի եւ Նազարէթի ընկերակցութեան անդամներուն հետ


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Հինգշաբթի, 21 օգոստոսին , առաւօտեան, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ժողովուրդներու Աւետարանացման Ժողովի կառավարիչ, Իրաքի Պապական յատուկ պատուիրակ Կարտինալ Ֆիլոնին։
Հանդիպումի ընթացքին Կարտինալ Ֆիլոնի Քահանայապետին փոխանցեց մանրամասն տեղեկութիւններ, Իրաքի մէջ իր կատարած առաքելութեան մասին։

Իսկ՝ երեքշաբթի, 20 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպեցաւ ՝՝Նազարէթ՝՝ բարեսիրական գործունէութեասն անդամնեուն հետ, ընկերակցութեամբ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանի։


Անոնց ուղղած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց կարտինալ Թոռանին եւ հաստատութեան նախագահին, ապա յայտնեց անոնց, հաստատութեան պատմութեան վերաբերող իր տպաւորութիւնները թուելով հաստատութեան սկզբունքները։

Առաջին՝ հաստատութեան ընտրանքը , Յիսուս՝ որպէս ճանապարհ մարդուն։ Սոյն ճանապարհը բազմաթիւ ուղիներէն մին չէ, այլ միակ ուղին է։
Յիսուս բաց ճանապարհ մըն է դրուած իւրաքանչիւր մարդու առջեւ՝ Աստուծոյ հանդիպելու համար։ Յիսուս միակ ուղին է հաղորդութեան եւ յարաբերութեան մէջ մտնելու Աստուծոյ հետ՝ եւ այսպէս ընելով մենք զմեզ կը գտնենք ճշմարտապէս ։ Լիովին կը գտնենք մենք զմեզ, երբ՝ դառնանք ամբողջովին մեր Հօր որդիները, այս մէկը կ՜իրականանայ շնորհիւ Յիսուսի, ասոր համար Յիսուս մեռաւ խաչին վրայ։
Երկրորդ՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, սոյն ուրախութիւնը մեզ կը դարձնէ ըլլալ Յիսուսի աշակերտները, ինչպէս նաեւ անոր վկաները։

Դուք, յարեց Սրբազան Հայրը, ասիկա կ՝ընէք համեստութեամբ եւ պարզութեամբ Նազարէթի Հոգիով այն միջավայրերուն մէջ ուր կ՝ապրիք եւ կ՝աշխատիք, մասնաւորաբար համալսարանի մէջ։ Կը քաջալերեմ ձեզ ասոր համար եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեզ ձեր գործած բարիքներուն՝ Աստուծոյ շնորհքով։
Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակելով հաստատեց, թէ միսիոնարականութիւն չի նշանակեր երթալ ու խօսիլ Յիսուսի մասին։ Ասիկա աղքատ գաղափար մըն է,
ու մէջբերելով Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին խօսքը ՝՝Եկեղեցին կ՝աճի հրապոյր պատճառելով այսինքն վկայութիւն, Նորին Սրբութիւնը հաստտաեց, թէ ասիկա է կարեւորագոյն միսիոնարականութիւնը՝ երթալ եւ վկայել Յիսուսը.
Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտեց իր խօսքը ըսելով ՝՝ուրախ եմ որ կը փորձէք միշտ միութեան մէջ գտնուիլ ձեր տեղական եկեղեցիներուն հետ, այսպէս՝ յառաջ ընթացթէք։
Թող Տէրը օրհնէ ձեզ եւ Տիրամայրը պահապան կանգնի։







All the contents on this site are copyrighted ©.