2014-08-21 10:05:07

Դէպի Իրաք կատարած պատմական այցելութեամբ. արեւելքի Պատրիարքներու պատուիրակութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ շրջանի փոքրամասնութեանց եւ քրիստոնեաներու պարզած իրավիճակին գծով


«Մի՛ մտածէք արտագաղթի մասին եւ կառչած մնացէք ձեր երկհազարամեայ արմատներուն», յայտարարեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը հինշաբթի, 20 օգոստոսին, Իրաքի քրիստոնեաներուն ուղղելով իր խօսքը: Կաթողիկէ եւ ուղղափառ պատրիարքներու պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, Իրաքի յատկապէս Պաղտատ եւ Էրպիլ քաղաքներուն մէջ տեղակայուած քրիստոնեաներու իրավիճակին մօտէն ծանօթանալու համար կատարած իր այցելութեան աւարտին մամլոյ ասուլիս մը տալով, Ռայի պատրիարքը նշեց, որ պատուիրակութիւնը կը միտի իր այս այցելութեամբ զօրակցութիւն ցոյց տալ եւ միջազգային ընտանիքին, յատկապէս ՄԱԿ-ի, Արաբական լիկայի եւ այլ մարմիններու ուշադրութիւնը այս հարցին վրայ կեդրոնացնել:
Պաղտատի, թէ Էրպիլի մէջ իրաքցի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ իրենց տեսակցութեան ընթացքին պատուիրակութեան անդամ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը շեշտեցին շրջանային թէ միջազգային կողմերու միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը այս գծով:
«Միջազգային ընտանիքը պարտաւոր է հոգ տանելու Իրաքի քրիստոնեաներուն», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը` նշելով, որ այս պատուիրակութեան այցելութիւնը ունի հիմնական երեք նպատակներ, որոնք հետեւեալներն են.
- Զօրակցութիւն յայտնել իրենց բնօրրանէն բռնագաղթուած քրիստոնեաներուն:
- Այս մասին հանդիպում ունենալ Վատիկանի մօտ պատկան պատասխանատուներուն հետ:
- Միջազգային ընտանիքէն պահանջել տէր կանգնիլ իր պատասխանատուութեանց:
«Արդարեւ, թոյլատրելի չէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը իշխէ ու տէր դառնայ ժողովուրդներու ինչքերուն», շեշտեց Ռայի պատրիարքը եւ ըսաւ. «Մենք մէկ եկեղեցի ենք ու պիտի շարունակենք մեր ճիգերը բոլոր մակարդակներուն վրայ»:
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ իրենց տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատուիրակութեան անդամ հոգեւոր պետերը շեշտեցին քրիստոնեայ գաղթականներուն օժանդակութեան հասնելու հրամայականը:
Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն կաթողիկէներու Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ ծոմապահութիւն եւ աղօթք պիտի ընենք, ամբողջ մէկ ամիս, մեր երկրին ապահովութեան ու անդորրութեան համար»:
Իրաքի եւ աշխարհի քաղդէացիներու Լուիս Ռուֆայէլ Ա. Սաքօ պատրիարքը ըսաւ. «Զօրակցական այս այցելութիւնը մեզի զգացնել տուաւ, թէ մենք մէկ մարմին ենք ու միայնակ չենք»: «Մեզ` քրիստոնեաները եւ եզիտիները հարուածող ճգնաժամի այս պահուն զուգադիպող այս զօրակցական այցելութիւնը կը բարձրացնէ մեր կորովը», աւելցուց պատրիարք Սաքօ` անհրաժեշտ նկատելով շրջանցել համայնքային առանձնայատկութիւնները:
Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի ասորի կաթողիկէներու Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքը ըսաւ. «Կարելի չէ լուռ մնալ քրիստոնեաներու եւ եզիտիներու բնաջնջման եւ այլ բռնարարքներուն գծով: Անհրաժեշտ է մեր ձայնը հասցնել համայն աշխարհին»:
Իր կարգին, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Աֆրամ պատրիարքը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին, այցելելու Իրաք ու մօտէն տեսնելու քրիստոնեայ գաղթականներուն վիճակը: Ան նաեւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապէն խնդրեց աւելի մեծ դեր կատարելու այս ուղղութեամբ:
Նշենք, որ պատրիարքներու այս պատուիրակութիւնը անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Իրաքի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս` քրտական ինքնավար շրջանի ղեկավար Մասուտ Պարազանի, որ խոստացաւ ճիգ չխնայել քրիստոնեայ գաղթականներու պաշտպանութեան համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.