2014-08-21 11:07:27

Աղօթքի երեկոյեան հսկում Իրաքի մէջ հալածուած Քրիստոնեաներու ի նպաստ


Չորեքշաբթի` 20 Օգոստոսի երեկոյեան, Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ երեկոյեան հսկումի աղօթք կազմակերպուած էր Իրաքի հալածուած քրիստոնեաներուն զօրակցութեան ի նշան։ Աղօթքի մասնակցեցան Զուիցերիոյ կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բողոքական եկեղեցիները ինչպէս նաեւ Եզիտի համայնքը եւ մահմետական բազմաթիւ ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներ։ Աղօթքի մասնակցողներուն առիթ տրուեցաւ տնկելու ճերմակ վարդենի մը, ի նշան խաղաղութեան ու արգահատանքի հանդէպ հալածանքի զոհերուն։ Յայտնենք թէ նման աղօթքի ու հսկումի ձեռնարկներ կը կազմակերպուին նաեւ այլ երկիրներու եւ վայրերու մէջ։
Նշենք, թէ յառաջիկայ 24 Օգոստոս 2014-ին, հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցուի ԱՄՆի`Սան Լուի նոր աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, քաղաքի հիմնարկութեան 250-րդ տարեդարձին առիթով։
Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ֆիլատելֆիոյ երբեմնի առաջնորդը` կարտինալ Ժասթին Ֆրանսիս Րիկալին, նշանակած է իր յատուկ նուիրակը մասնակցելու արարողութիւններուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.