2014-08-20 10:52:28

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` Քորէայի առաքելական ճամբորդութիւնը։


''Յիշողութիւն, յոյս, վկայութիւն''։

Չորեքշաբթի, 20 օգոստոս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ հաւատացեալներուն որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ`
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,
անցեալ օրերուն առաքելական ճամբորդութիւն մը կատարեցի Քորէա` եւ այսօր ձեզ հետ միասին գոհաբանութիւն կը մատուցեմ Տիրոջ այս մեծ պարգեւին համար։ Կարողացայ այցելել երիտասարդ եւ աշխուժ եկեղեցի մը, հիմնադրուած նահատակներու վկայութեան վրայ եւ ոգեւորուած միսիոնարական հոգիէն, Երկրի մը մէջ ուր իրարու կը հանդիպին Ասիական հինաւուրց մշակոյթները եւ Աւետարանի մշտատեւ նորութիւնները։
Սրբազան Հայրը ապա առիթէն օգտուեցաւ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելու Քորէայի եպիսկոպոսներուն, նախագահին եւ պատկան իշխանութիւններուն եւ եզրակացուց թէ այս ճանապարհորդութեան իմաստը կարելի է խտացնել երեք բառերու մէջ` ''յիշողութիւն, յոյս, վկայութիւն''։
Քորէայի հանրապետութիւնը երկիր մըն է որ տնտեսական արագ զարգացում մը ապրեցաւ։ Անոր բնակիչները աշխատանքը կը սիրեն։ Այս իրողութեան մէջ Եկեղեցին կը մնայ պահակը` յիշողութեան եւ յոյսին. Հոգեւոր մէկ ընտանիք մը ուր տարեցները երիտասարդներուն կը փոխանցեն հաւատքի ճրագը, որ իրենց կարգին ընդունած են իրենց նախահայրերէն։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց առաքելական ճամբորդութեան կարեւոր հանգրուաններուն` 124 նահատակներու երանացման արարողութիւնը, երիտասարդներուն հետ հանդիպիումը, Ասիայի երիտասարդութեան 6-րդ հաւաքի առթիւ, յայտնելով թէ անոնք ''նշան եղան թէ մէկը կայ` Յիսուս Քրիստոսը, որուն համար կ՛արժէ կեանքը զոհել''։
Քորէայի Եկեղեցին ծնունդ առաւ ոչ թէ դուրսէն եկող միսիոնարներու շնորհիւ, այլ Աւետարանի ներշնչումէն, եւ աշխարհական հաւատացեալներու առաքելական յանձնառումէն ու անոնց նահատակութենէն։ Քորէայի Եկեղեցին հիմնուած է հաւատքի վրայ եւ Քորէացի առաջին քրիստոնեաները, Երուսաղէմի առաքելական առաջին հասարակութեան օրինակով, ապրեցան եղբայրական սէրը որ կը գերազանցէ որեւէ ընկերային բաժանում եւ խտրականութիւն։ Ասոր համար քաջալերեցի քրիստոնեաները ըլլալու առատաձեռն, հանդէպ աղաքատներուն եւ մեկուսացեալներուն, հետեւելով Աւետարանի ուսուցումին. ''Ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն` որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք''։
Քրիստոսը - ըսաւ հուսկ Քահանայապետը - չի ոչնչացներ մշակոյթները, այլ անոնցմէ կը քաղէ այն ինչ որ բարի է ու զայն կը հասցնէ լիութեան։ Այլապէս Քրիստոս կը պայքարի չարին դէմ, որ մարդոց ու ժողովուրդներուն միջեւ որմեր կը ցանէ։ Եթէ մնանք Քրիստոսի մէջ, Անոր սիրոյ մէջ, մենք եւս, նահատակներու նման կարող ենք ապրիլ եւ վկայել Անոր յաղթանակը։ ''Այս հաւաքտով է որ աղօթեցինք եւ տակաւին կ՛աղօթենք, որպէսզի Քորէական աշխարհի բոլոր զաւակները, որ կը տառապին պատերազմի եւ բաժանումի հետեւանքներէն, կարողանան եղբայրական եւ հաշտութեան քայլը կատարել'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա խօսքը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, ''որպէսզի Տէրը միշտ օրհնէ Քորէացի ժողովուրդը ու անոր պարգեւէ բարրօրութիւն եւ խաղաղութիւն, ու օրհնէ տեղական Եկեղեցին որպէսզի ըլլայ միշտ պտղաբեր եւ Աւետարանի ուրախութեամբ լեցուն։
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները, յատուկէն ողջունելով երիտասարդները, հիւանդները եւ նորապսակեալները եւ վերյիշելով Իրաքի ժողովուրդին տառապանքը ու անոնց համար խնդրելով աղօթք եւ զօրակցութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.