2014-08-20 09:20:52

Ֆրանչիսկոս Պապին երեք ազգականներ մահացան ինքնաշարժի արկածի պատճառաւ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին թոռնիկը` 35 ամեայ Էմանուէլ Օրասիօ Պերկոլիօ, անոր կողակիցը եւ երկու զաւակները, երեքշաբթի 19 օգոստոսին, Արժանթինի մէջ, ինքնաշարժի զօրաւոր արկած մը ունեցան, որուն հետեւանքով Սրբազան Հօր թոռնիկի տիկինը Վալէրիա Քարմոնա եւ երկու զաւակները` Անթոնիօ, 8 տարեկան եւ Խօսէ, 2 տարեկան, իրենց կեանքը կորսնցուցին մինչ Էմանուէլ Օրասիոն հիւնադանոց փոխադրուած է ծանր վիճակի մէջ։
Վատիկանի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կսկիծով իմացաւ լուրը եւ բոլոր անոնցմէ որ իր այս ցաւին կը մասնակցին, կը խնդրէ միանան իրեն աղօթքներուն։
Սրբազան Քահանայապետի բոլոր մօտիկ համագործակիցները ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի բոլոր աշխատակիցները կը միանան Ֆրանչիսկոս Պապին եւ կը մասնակցին անոր սուգին։
Ի շարս բիւրաւոր ցաւակցութիւններուն, Արժանթինի արտգործ նախարարը, յանուն Արժանթինի նախագահին եւ ժողովուրդին, ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Ֆրանչիսկոս Պապին, որուն մէջ կը կարդանք ''Ֆրանչիսկոս Պապը միշտ մօտիկ եղած է անոնց որ ցաւի մէջ են եւ այսօր իր այս տառապանքի պահուն Արժանթինի կառավարութիւնն ու համայն ազգը յուզուած կը մնայ այս որբերգութեան դիմաց''։







All the contents on this site are copyrighted ©.