2014-08-20 11:14:28

Փարիզի մէջ Հայերը մասնակցած են Եզիտիներու եւ Քիւրտերու զօրակցութեան ցոյցին


«Նուվել տ՛Արմենի» կը հաղորդէ, որ 16 օգոստոսին Փարիզի Սեն Լորան եկեղեցւոյ առջեւ «Մենք բոլորս եզիտի ենք», «Ազատ արձակել Օճալանը» եւ «Տագնապ` ցեղասպանութիւն է» կարգախօսերով հաւաքուած է շուրջ 1200 ցուցարար:
Շարք մը քրտական եւ եզիտիական կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ Ֆրանսայի քրտական միութիւններու դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյցին ընթացքին արտասանուած են շարք մը խօսքեր, որոնք միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած են ուշադրութիւն դարձնելու Իրաքի մէջ քաղաքային բնակչութեան դէմ իսլամականներուն կատարած յանցագործութիւններուն:
Ի նշան եզիտիներու հետ համերաշխութեան` Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան յայտարարած է. «Հայ համայնքը սարսափ եւ վրդովում կ՛ապրի` տեսնելով զանգուածային յանցագործութիւնները»: Ան ողջունած է քիւրտ ժողովուրդին դիմադրութիւնը, որ իրողական գետնի վրայ «օգնութեան ձեռք է այդ հողերուն վրայ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն համար»:
«Արդեօք ընդունելի՞ է, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք մենք տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը փախչին սեփական հողերէն` խուսափելու այդչափ վայրագ եւ յետադիմական գաղափարախօսութեան աւերիչ հետեւանքներէն», ըսած է Արա Թորանեան:
Ան նաեւ կոչ ուղղած է յիշելու հայերը, ասորիները, պոնտացի յոյները, եզիտիները, ալեւիները եւ քիւրտերը, որոնց հալածած են տարբեր երկիրներու մէջ:
Թորանեան հայ համայնքին կոչ ուղղած է պաշտպանելու Ֆրանսայի քրտական միաւորումներու դաշնակցութեան կոչը` յանուն ընդհանուր արժէքներու: «Այո՛, մենք կը զօրակցինք ձեզի ձեր պայքարին մէջ, որովհետեւ դուք վտանգի մէջ էք, ինչպէս նաեւ այն պատճառով, որ մենք կը շարունակենք պաշտպանել շահերու տեսլականը այն շրջանին համար, որուն մենք շատ կապուած ենք: Տեսլական, որ կը պահանջէ յարգանք այնտեղ ապրող ժողովուրդներուն եւ նաեւ անոնց նկատմամբ, որոնք թերեւս ժամանակաւորապէս այլեւս այնտեղ չեն ապրիր», ըսած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.