2014-08-20 12:16:37

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ . Լուռ Մնացողը՝ Յանցաւո՞ր


Լռակեացները. կրօնաւոր տեսակները իրենց յատուկ վանքերուն մէջ, եւ աշխարհական տեսակները մասնաւոր միաբանութիւններու մէջ, կեանքի այդ կերպը կը կիրարկեն՝ օրուան յատուկ ժամերուն միայն իրենց բերանը բանալով ու ընկերոջ հետ խօսելով: Անոնք թերեւս կը ջանան այդպիսով փրկութիւն գնել իրենց գործած մեղքերուն համար կամ առանձնանալով ներքին կեդրոնացում կը փորձեն ստեղծել, ներհայեցողական ոգեղէն հայելիի դիմաց կանգնած:
Ընկերային կեանքը բարդութիւններու եւ հանգուցաւոր խնդիրներու կծիկ մըն է: Փոխյարաբերական կեանքը դրական արդիւնքներու կողքին նաեւ ժխտական բազմաթիւ դժուարութիւններ կը յարուցէ:
Մէկուն վրայ սեւեռուած նայուածք մը յանկարծ կրնայ անոր հոգեկան ներքին ծալքերուն մէջ թարգմանուիլ իբրեւ թշնամանք, եւ կամ՝ մտերմութեան նախադուռ… Սա մէկ օրինակն է պարզապէս այն բազմամիլիոն արտայայտութիւններուն, որոնք կրնան շատ կարճ ժամանակամիջոցին մէկ անձէն միւսը փոխանցուիլ, առանց օգտագործելու լեզուն, իր տարբեր ազգութիւններու բարբառներով կամ նոյնիսկ առանց սոսկ անոնց ձայնային ելեւէջներուն:
Հոգիին վճիտ գեղեցկութիւնը, սակայն, երբեմն կը խծբծուի աւելորդ շպարով, զոր մարդիկ մեր կամքէն անկախաբար կը քսեն մեր դէմքին: Իցի՜ւ թէ այդ աններդաշնակ գոյները անոնք դնէին մեր ֆիզիքական դէմքին վրայ: Ատիկա կարելի պիտի ըլլար լուացուելով մաքրել կամ նոյնիսկ իրարու ներդաշնակ գոյներու նոր շպար օգտագործելով՝ նախկինը չէզոքացնել: Բայց հոգեկան տխեղծ պատկերներ ստեղծելով զանոնք ուրիշներուն ներկայացնելու աշխատանք թափող այս շրջուն փերեզակները, իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն մարդոց հոգեկան դէմքին վրայ եւ ո՛չ թէ ֆիզիքական: Անոնք մեր արտաքին երեւոյթին հետ գործ չունին, նոյնիսկ եթէ որոշ աստիճանի նախանձ ունենան ատոր նկատմամբ: Անոնց հիմնական թիրախը մեր հոգեկան ու բարոյական գեղեցկութիւնն է, որ անյապաղ պէտք է արատաւորեն, հասած ըլլալու համար իրենց գերագոյն նպատակին:
Այդ ուղղութեամբ գործող մարդոց կեանքին հիմնական մղիչ ուժը իրենց թիրախներու լռութիւնն է: Անոնց լռութենէն ո՛չ միայն քաջալերուելու, այլ զօրանալու վատ յատկութեամբ օժտուած են այս տեսակ մարդիկ:
«Լռութիւնը ոսկի է, իսկ խօսիլը՝ արծաթ» կ՝ըսեն ու կը կրկնեն իմաստուն մարդիկ: Սակայն կը տեսնենք նաեւ առօրեայ շուկային մէջ երբեմն ոսկիի արժէքին անկումը, ի շահ այլ նիւթերու թանկացման կամ սղաճին: Ուրեմն միշտ ալ չխօսիլը «ոսկի չէ՛»: Ոսկին ալ իր անկումի ժամանակը ունի, ինչպէս ունի իր արժէքաւորման ժամանակը:
Դատական ատեաններու մէջ արդարութեան օրինապահ մարմիններ միշտ առիթ կ՛ընծայեն ամբաստանեալներուն խօսելու եւ ինքնապաշտպանութենէ աւելի՝ բացատրութիւն տալու ըսուածներուն մասին:
Դատական ատեանի այս հրապարակային քննարկումէն դուրս կը մնան անշուշտ, ուրիշներու լռութենէն օգտուող եւ մէկ խօսքով «մութին մէջ գործող» վախկոտ մարդիկ:
Անոնցմէ շատերը եթէ հրապարակաւ գործէին, դատական ատեաններու արդարամիտ նկատառումներէ խուսափած չէին ըլլար ու վաղուց պախարակուած եւ իրենց արդար պատիժին արժանացած կ՛ըլլային: Սակայն, անոնք միայն ուրիշներու լռութեան հետեւանքով ուժի տիրացած ու յարձակողապաշտ դարձած երկչոտ ու ծածաղամիտ անձեր են պարզապէս:
Ողբերգական նման անձերու հանդիպիլը կեանքի մէջ շատ սովորական դարձած է, յատկապէս ներկայ ընկերային կեանքի խառնափնթոր վիճակին մէջ: Ի՞նչ վերաբերում ցոյց պէտք է տալ անոնց նկատմամբ:
Ոմանք, չդիմանալով իրենց լռութիւնը շահագործող մարդոց վարմունքին՝ պարզապէս ատելավառ արհամարհանքով կը լեցուին այդ աղքատամիտներու նկատմամբ: Ուրիշներ, անկերպարան մարդիկ համարելով զանոնք՝ կը շարունակեն լռութեամբ պայքարիլ անոնց դէմ, բնա՛ւ գոյ էակներ չընդունելով անոնց երեւութական շրջագայութիւնը իրենց շուրջ:
Սակայն լաւագոյնը պիտի ըլլար բնա՛ւ դառնութիւն կամ ոխ չունենալ այդպիսիներու նկատմամբ, այլ՝ միայն չափազանց կարեկցութիւն: Սա՛ է բարոյական մարդուն իսկական պատկերը, որուն «գունաւոր տպագրութիւնը» կրնայ նոյնիսկ իր վախճանումէն ետք ի յայտ գալ, երբ արդէն մահուան պատգամաւորը այցելած ըլլայ իրեն ու իր թանկագին գանձը՝ հոգին տարած դէպի անորոշ անդենականը:
Իսկապէս մեր կարեկցութեան պէտք ունին մեր լռութենէն օգտուողները, գէթ մեր լռութիւնը ընդօրինակել սորվելու համար: Լռութեամբ յաղթելու դասապահի աշակերտ կարելի՛ է դարձնել մեր լռութենէն օգտուիլ փորձողները, գէթ սորվեցնելով անոնց յաղթահարել ամէն վարանք այս կեանքի մէջ, եւ ինքնավստահութեամբ յենիլ միա՛յն իրենց սեփական ուժերուն:
Ատիկա պատճառ կը դառնայ, որ անոնք ողբալի մանրուքներէ կազմուած խօսակցութիւններու ծրարը մէկդի թողուն, վեր բարձրանան աներազ միջակութիւն ըլլալու անպատիւ անդունդէն ու իրենց խորանարդեալ մեծամտութիւնը համեստացնեն անհաշիւ աստիճաններէ վար իջնելով, որպէսզի գտնեն իրենց իսկական տեղը ընկերութեան կեանքին մէջ:
Վերջապէս իւրաքանչիւր անձ իր կարողութեան չափով կը գնահատուի, իսկ փայլուն որեւէ շրջազգեստ, մանաւանդ ուրիշներու լռութեան պահուն բեմի ետին հագնիլը՝ բնա՛ւ օգտակար պիտի չըլլայ:
Այս զգուշաւոր կշռադատումին հրաւիրուած են բոլոր այն մարդիկ, որոնք կը փորձեն ուրիշներու լռութիւնը օգտագործել, ժամանակաւոր ձեռքբերումներու սին յոյսերով:
Լռութիւնը կարելի՛ է խզել, սակայն ի հեճուկս մեր անձին: Որովհետեւ լռութենէդ օգտուողը արժանի չէ՛ քու արդարամիտ խօսքիդ, որու հեղինակութիւնը իր ոչնչութենէն անհամեմատելի բարձր է ու ջինջ:
Իսկ անոնք, որոնք լուռ մնացողը յանցաւոր կը նկատեն, շատ չե՛ն տարբերիր լռութիւնդ օգտագործող գաճաճներէն, որոնց հետ համահասակ մարդիկ պէտք է նկատել զիրենք:
«Բարոյական հասակը» կը ստեղծուի լռութեամբ ու մանաւանդ՝ լռութիւնդ օգտագործող մարդոց ցեխարձակումին դիմաց՝ քա՛ր լռութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.