2014-08-20 11:32:30

Լակոսի առաջնորդի մտահոգութիւնը Պոքօ Հարամի հողային նուաճումներուն ի տես։


Գերապայծառ Ալֆրէտ Ատէուալէ Մարթինս` Հարաւային Նիճերիոյ Լակոս թեմի առաջնորդը, իր մտահոգութիւնը յայտնած է ի լուր Պոքօ Հարամի հողային նուաճումներուն։ Ծայրայեղ մահմետականները գրաւուած են հիւսիսային Նիճերիոյ Տամբոա կարեւոր քաղաքը եւ սպաննած են աւելի քան 100 հոգիներ։ Յարձակումի հետեւանքով քաղաքը իր բնակիչներէն գրեթէ պարպուած է։ Պոքօ Հարամ նաեւ կարողացած է տէր դառնալ քաղաքին շրջակայ գիւղերուն։ Բանակը, անցեալ 16 Օգոստոսին, կարողացած է բարեբախտաբար ազատագրել Տամբոա քաղաքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.