2014-08-19 11:06:13

Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքը կը դատապարտէ Իրաքցիներուն դէմ գործադրուած հարստահարումը որակելով զայն որպէս ճշմարիտ ''ցեղասպանութիւն''։


Զանգուածային սպաննութիւնը որ ներկայիս կը գործադրուի Իրաքի քրիստոնեաներուն դէմ ճշմարիտ ''ցեղասպանութիւն'' մըն է յայտարած է Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք` Կիւրեղ Ա, մատնանշելով որ ծայրայեղ մահմետականները բռնագրաւելով Մուսուլը տիրացած ու մզկիթի վերածած են քաղաքին 45 եկեղեցիները, եւ կողոպտած են քրիստոնեաներու բոլոր ինչքերը։
Ի տես այս ողբալի ու անողորմ դէպքերուն, Ռուս օրթոտոքս եկեղեցին իր ցասումը կը յայտնէ ի պաշտպանութիւն Իրաքի քրիստոնեաներուն։
Նշենք որ Ռուս Օրթոտոքս եկեղեցւոյ կայքը տարիներէ կը տեղեկագրէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ողբալի իրավիճակի մասին, որ տարուէտարի կը վատթարանայ, եւ կոչեր կ`ուղղէ վերջ դնելու բռնութեան, վերահաստատելու քաղաքական երկխօսութիւնն ու խաղաղութիւնը ու պաշտպանելու հալածուած կրօնական փոքրամասնութիւնները։ Մոսկուայի Պատրիարք Կիւրեղ իր կոչին մէջ կը յիշեցնէ որ կրօնական բնոյթ ունեցող ծայրայեղութիւնը լուրջ մարտահրաւէր մըն է միջազգային հասարակութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.