2014-08-19 10:42:54

Հայր Լոմպարտիին գնահատումով Քորէայի ճամբորդութեամբ Եկեղեցին իր ուշադրութիւնը աւելիով պիտի կեդրոնացնէ Ասիայի վրայ։


ֆրանչիսկոս քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Քորէա նշան է` Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր մօտեցումին Ասիայի, յայտարարեց Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, Սրբազան Քահանայապետի երրորդ առաքելական ճամբորդութեան աւարտին։ Սէուլի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Հայր Լոմպարտին շատ դրական հաշուեկշիռ մը ներկայացուց լրագրողներուն, ընդգծելով որ Եկեղեցին վերջին տասնամեակներուն, մեծ ուշադրութիւն եւ մօտեցում ունեցած է Ասիայի նկատմամբ։ Այս վերջին ճամբորդութիւնը առիթ ընծայեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բացայայտելու իր սէրը հանդէպ համայն Ասիական ցամաքամասին։
Մատնանշելէ ետք որ 15 տարիներէ ի վեր Քահանայապետ մը ոտք չէ կոխած Ասիա, Վատիկանի բանբերը յայտնեց թէ ''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը բացայայտօրէն ըսաւ որ ''Ասիան իր առաքելութեան գլխաւորութիւններէն մէկն է''։
Հայր Լոմպարտի ապա յիշեցուց որ յառաջիկայ 2015-ի Յունուարին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի այցելէ Փիլիպեան կղզեխումբը եւ Սրի Լանքան։ Հարաւային Քորէան քալով ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ոտք կոխեց երկիր մը որուն բնակչութեան 11 տոկոսը կաթողիկէ հաւատացեալներ են, եւ ուր մկրտւող չափահասներու թիւը միշտատեւ աճումի մէջ է։ Ասիական ցամաքամասի բնակչութիւնը կը ներկայացնէ երկրագունդի 60 տոկոսը եւ սակայն կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան միմիայն 3 առ հարիւրը։ Կարգ մը դէտերու համաձայն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը Քորէա հանդիսացաւ կամուրջ մը դէպի Չինաստան, աշխարհի ամենէն շատ բնակուած երկիրը։ Վատիկանի Պետական քարտուղարը` կարտինալ Փիեթրօ Փարոլին հմուտ մասնագէտ մըն է Ասիայի եւ մասնաւորապէս Չինաստանի եւ Վիէթնամի։ Նշենք որ անցեալ` 14 Օգոստոսին, առաջին անգամուան համար, քահանայապետական օդանաւին արտօնութիւն տրուեցաւ սաւառնելու չինաստանի ժողովրդային հանրապետութեան անջրպետին վրայ։

''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Յիսուսի նման մեծասիրտ է'' այսպէս զինք սահմանած են քորէացիները, 5 օրուայ առաքելական ճամբորդութեան աւարտին։ Առաքելական ճամբորդութիւն մը որ մեծապէս տպաւորեց քորէացիներն ու Ասիայի` 20 երկիրներէ ժամանած երիտասարդները։
Սրբազան Հօր խօսքն ու ժէսթերը յուզեցին ներկարները։ Անոր խօսքերը միտքերու մէջ արձագանգ գտան. ''Պայքարինք դիւթիչ նիւթապաշտութեան դէմ որ կը խեղդէ հոգեւոր ու մշակութային արժէքները, իսկ անզուսպ մրցակցութեան ոգին կը յարուցէ եսապաշտութիւն եւ ընդհարում''։
Սրբազան Հայրը, 124 նահատակներու երանացման արարողութեան ընթացքին, աւելի քան 800 հազար մասնակցողներուն վերահաստատեց որ ''անոնց օրինակը մեզի կը սորվեցնէ կարեւորութիւնը սիրոյ ու եղբայրսիրութեան հաւատքի կեանքին մէջ'', եւ թէ ''նահատակ ըլլալ կը նշանակէ ամենէն առաջ ըլլալ Յիսուսի ճշմարիտ վկան''։
Ասիայի երիտասարդութեան իր անձնական մէկ վկայութիւնը տալով շարժեց ներկաներուն սրտերը խօսելով բարեկամութեան ու հասկացողութեան խարիզմի մասին։ Հուսկ բացագանչեց ''արթնցէ՛ք եւ ոտքի կանգնեցէ՛ք, դուք է՛ք Ասիայի ապագան''։
Մատուցած վերջին պատարագին ընդգծեց թէ ''Աստուծոյ պարգեւը` հաշտութեան, միութեան ու խաղաղութեան անբաժանօրէն առընջուած է դարձի շնորհքին եւ Քրիստոսի խաչի մարգարէական ոյժը կը լիացնէ ամէն բաժանում, կը դարմանէ ամէն վէրք եւ կը վերահաստատէ եղբայրական սիրոյ սկզբնական կապերը''։ Շնորհիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, համայն աշխարհի աչքերը կեդնրոնացան Քորէայի վրայ` ''Արշալոյսի անդորր երկիրը'', ու տեսան առանց պատնէշներու ազգ մը, որ խօսեցաւ մէկ լեզու` խաղաղութեան եւ յոյսի լեզուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.