2014-08-12 09:26:55

Հայաստանի մէջ թմրամոլներուն թիւը հասած է 5022ի։


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 1 Յունուար 2014ի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ հաշուըւած թմրամոլներուն թիւը հասած է 5022ի, որոնցմէ 57ը կիներ են: 26 Յունիսին՝ Թմրամոլութեան դէմ պայքարի միջազգային օրը, այս մասին յայտնած է Հայաստանի առողջապահական նախարարութեան գլխաւոր ջղաբան Պետրոս Սեմերջեանը:
Ըստ անոր՝ թմրամոլներուն թիւը տարուէ տարի կ՛աւելնայ Հայաստանի մէջ: Օրինակ, մէկ տարի առաջ՝ 1 Յունուար 2013ի դրութեամբ, կար 4428 թմրամոլ, իսկ 10 տարի առաջ անոնց թիւը ընդամէնը 183 էր:
Պետրոս Սեմերջեան նշած է նաեւ, որ տարիներու ընթացքին կ՛աւելնայ ո՛չ միայն թմրամոլներուն թիւը, այլեւ առողջապահութեան համակարգ դիմողներուն թիւը, քանի որ մատուցուող բժշկական օգնութեան որակը բարձրացած է, իսկ թմրամիջոցներու օգտագործումը ապաքրէականացուած է, այսինքն՝ մարդիկ արդէն այնքան ալ չեն վախնար բժշկական հաստատութիւններ դիմելէ, ինչպէս էր պարագան նախապէս:
Հայաստանի թմրամոլներուն մեծ մասը 30-45 տարեկան է: Հետաքրքրական է, որ, Պետրոս Սեմերջեանի համաձայն՝ թմրամիջոցներէն կախեալ ըլլալը տարածուած է բոլոր խաւերուն մէջ՝ անկախ եկամուտներէ. ունեւորները կ՛օգտագործեն աւելի սուղ թմրամիջոցներ, միւսները՝ աւելի աժան: «Կրթութեան մակարդակը նոյնպէս ոչ մի դեր չի խաղում՝ թմրամոլների մէջ կան թէ բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող, թէ կրթութիւնից շատ հեռու մարդիկ: Ինչ վերաբերւում է ամենատարածուած թմրամիջոցներին, առաջին տեղում է կանեփը, ապա ափիոնատիպ թմրամիջոցները, ամֆիտամինը եւ կոկայնը», յայտնած է ան:
Ըստ Սեմերջեանի՝ «նշուած 5022 հոգուց 6ն այս պահին բուժւում են ստացիոնար պայմաններում, 2ը՝ ամբուլատոր պայմաններում, եւս 226 հոգի ընդգրկուած է մեթադոնային փոխարինող բուժման ծրագրում: Բոլոր միւսները գտնւում են հսկողութեան տակ»: Ան նշած է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ պիւտճէէն տարեկան 160 միլիոն դրամ կը յատկացուի թմրամոլներու բուժման համար:
Հայաստանի մէջ թմրամոլներու իրական թիւը պատկերացնելու համար պէտք է նշել, որ ասիկա առողջապահութեան նախարարութեան վիճակագրութիւնն է, որ կը ներառէ միայն առողջապահութեան համակարգին մէջ հաշուըւած մարդիկը: Սակայն կան նաեւ այլ մարդիկ, որոնք այս ցանկին մէջ չեն: Անոնց մէկ մասը ոստիկանութեան կողմէ բացայայտուած է, ուրիշներ՝ տակաւին ոչ: Այդ պատճառով կան նաեւ այլ հետազօտութիւններ՝ Հայաստանի մէջ թմրամոլներու իրական թիւին մօտաւոր պատկերը ստանալու համար: Վերջին անգամ նման հետազօտութիւն կատարուած է 2011 թուականին, եւ, ըստ անոր արդիւնքներուն, Հայաստանի մէջ կայ մօտ 30,000 թմրամոլ, որոնցմէ 12,700ը թմրամիջոցներ կ՛օգտագործէ ներերակային ճամբով:








All the contents on this site are copyrighted ©.