2014-08-12 08:56:23

Կիներու հանդէպ բռնութեան դէմ միջազգային դաշնագիրը Օգոստոս ամիսէն սկսեալ ի զօրու է Իտալիոյ մէջ։


Օգոստոս ամսէն սկսեալ Իտալիոյ մէջ ի զօրու դարձած է Կնոջ դէմ բռնութեան պայքարը։ Եւրոպայի Խորհուրդէն հաստատուած այս վաւերաթուղթը իրաւական բնոյթ ունի եւ ստորագրուած 32 երկիրներէն։ Իտալիոյ տուեալներու համաձայն 2014-ին սպաննուած են 32 կիներ` կէսը բաղդատմամբ անցեալ տարուան։ Այս երեւոյթը շատ տարածուած է կը հաղորդագրէ կրօնաւորուհի Eugenia Bonetti, որ օգնութեան կը հասնի զոհ կիներուն։ Կրօնաւորուհիին համաձայն բռնութեան ամենասովորականը կու գայ կնոջ յարգանքի պակասէն, այր եւ կնոջ հաւասարութեան օրէնքի պակասէն։ Այդ ուղղութեամբ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յաճախ կը խօսի կնոջ արժանաւորութեան մասին։ Յառաջիկայ Նոյեմբերին Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով մը սերտելու ''կնոջ արժանաւորութիւնը պաշտպանելու'' եղանակը ։ Հաւաքին կանչուած են երիտասարդ-երիտասարդուհիներ բարեփոխելու յոյսով ներկայ մտայնութիւնը որպէսզի ամէն անհատ նկատուի որպէս անձ առանց խտրականութիւն դնելու այրի ու կնոջ միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.