2014-08-12 09:18:30

Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահին միջամտութիւնը լատինամերիկայի ընտանիքի առաջին գիտաժողովին` անհատապաշտ աշխարհի մը մէջ ընտանիքը վայրն է սիրոյ ու նուիրումի։


Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Փալիա մասնակցած է Լատինամերիկայի ընտանիքի մասին առաջին գիտաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Փանամայի մէջ անցեալ 4 – 9 օգոստոս 2014 ։ Գիտաժողովին բնաբանն էր. ''Ընտանիք եւ ընկերային զարգացում` կեանքի լիութեան եւ միսիոնարական հաղորդութեան ի սպաս''։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կողմէ, ի տես հոկտեմբեր 2014-ին, Վատիկանի մէջ Ընտանիքի մասին գումարուած եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին։
Իր զեկուցին մէջ գերապայծառ Փալիան ըսաւ. ''Ընտանիքը մեծ դեր մը կը կատարէ ընկերութեան բարգաւաճումին, այս պատճառաւ կառավարութիւնները հարկ է որ նախապատուութիւն տան ընտանեկան հաստատութեան եթէ իրապէս կ'ուզենք որ մարդ արարածը յառաջդիմէ։ Ընտանիքը կը մնայ այն վայրը ուր կարելի է զարգացնել մնայուն կապերը անհատներու միջեւ։ Այս իմաստով ընտանիքը ոչ միայն հարստութիւն մըն է, այլ եւ ողջ աղբիւր մըն է անհատներու միջեւ կապերու զարգացումին ու ամրապնդումին, առանց մէկը միւսը չէզոքացնելու''։








All the contents on this site are copyrighted ©.