2014-08-11 10:42:30

Թեհրանի մօտ օդանաւ մը ջախջախուեցաւ


Առնուազն 38 զոհ արձանագրուեցաւ, երբ ճամբորդատար փոքր օդանաւ մը ջախջախուեցաւ Թեհրանի մօտ: Թեհրանէն երկրին արեւելքը գտնուող Թապաս քաղաքը ուղղուող օդանաւը երէկ առաւօտեան թռիչք առնելէ ետք ջախջախուեցաւ Մեհրապատ օդակայանին մօտ գտնուող բնակելի շրջանի մը մէջ:
Վիրաւորները փոխադրուեցան հիւանդանոցներ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախնական տեղեկութիւններով, օդանաւի ջախջախման պատճառով Հայաստանի քաղաքացիներ կամ հայեր չեն վնասուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.