2014-08-08 09:53:15

Լիպերիոյ մէջ Իպոլա ժահրին պատճառով արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է։


Lenta.ru կը հաղորդէ, որ Լիպերիոյ նախագահ Էլեն Ճոնսըն Սերլիֆ յայտնած է, որ Լիպերիոյ իշխանութիւնները երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած են Իպոլա ժահրի համաճարակին պատճառով:
«Տգիտութիւնը եւ աղքատութիւնը, ինչպէս նաեւ արմատացած մշակութային ու կրօնական աւանդութիւնները կը շարունակեն նպաստել հիւանդութեան տարածման», ըսած է ան` պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին:
Համաճարակի բռնկումը սկսած է այս տարուան փետրուարին Կինէի մէջ, հետագային ժահրը տարածուած է դրացի Սիերա Լիոնէի եւ Լիպերիոյ մէջ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով` ժահրը արդէն 932 մարդու կեանք խլած է, իսկ ընդհանուր առմամբ արձանագրուած է վարակումի 1700 դէպք:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա չորեքշաբթի օր ափրիկեան երկիրներու ղեկավարներու հետ հանդիպումէն ետք կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ շրջան պիտի ուղարկեն բժիշկներու լրացուցիչ խումբեր, որպէսզի անոնք պայքարին վտանգաւոր ժահրին դէմ: Օպամա նաեւ նկատած էր, որ Իպոլայի ժահրը այս անգամ աւելի արագ կը տարածուի, քան համաճարակի բռնկման նախկին դէպքերուն ընթացքին:
Նշենք, որ Ժահրի պարագայ արձանագրուած է Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ, իսկ Նիւ Եորքի մէջ քաղաքացի մը իպոլայով վարակուած ըլլալու նման ախտանշաններ ունի եւ կը դարմանուի «Մաունթ Սինա» հիւանդանոցին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.