2014-08-07 10:13:01

Համահայկական Կրթական 6րդ խորհրդաժողովին կը մասնակցին 134 մասնագէտներ՝ 19 երկիրներէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Տասնինը երկիրներէ աւելի քան 130 ներկայացուցիչներ 4-8 Օգոստոսին Հայաստանի մէջ կը մասնակցին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմակերպած Համահայկական կրթական 6րդ խորհրդաժողովին:
Այս տարի խորհրդաժողովը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին ընդառաջ կազմակերպուող դպրոցական նախաձեռնութիւններու կայացման եւ համապատասխան նիւթերու դասաւանդման հարցերուն:
4 Օգոստոսին «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ ընթացք առած խորհրդաժողովին կը մասնակցին սփիւռքի ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան խնդիրներով զբաղող մարմիններու, կազմակերպութիւններու, հաստատատութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ի դէմս թեմական կրթական խորհուրդներու, կրթական կառոյցներու հոգաբարձուներու, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու:
Խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան ընթացքին մասնակիցներուն իր ուղերձը յղած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, իսկ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը փոխանցած էր իր օրհնութիւնը:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարարը ողջունեց ներկաները։ «Հայաստանում այսօր միաւորուել են տասնինը երկրի տարբեր կրթօջախների ներկայացուցիչներ, ովքեր քննարկելու են տարատեսակ խնդիրներ: Այս խորհրդաժողովն իրականացւում է երկու տարինն մէկ պարբերականութեամբ: Ընդհանուր խնդիրները, պարզ է, որ վերաբերում են հայոց լեզուի եւ հայկական մշակոյթի պահպանմանը», նշեց Կարինէ Յարութիւնեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Սերգէյ Մանասարեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ իւրաքանչիւր ազգի հիմքը անոր լեզուն ու մշակոյթն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.