2014-08-07 09:53:12

Ընտանիքի հովութեան յատկացուած Լատինամերիկեան առաջին համագումար Փանամայի մէջ։


4 – 9 օգոստոս 2014, Փանամայի մէջ տեղի կ՛ունենայ Լատինամերիկայի ընտանիքի հովութեան յատկացուած առաջին համագումարը որուն բնաբանն է ''Ընտանիք եւ ընկերային զարգացում` կեանքի լիութեան եւ միսիոնարական հաղորդութեան ի սպաս''։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կողմէ, ի տես հոկտեմբեր 2014-ին, Վատիկանի մէջ Ընտանիքի մասին գումարուած եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին։ Նիստերու ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Վինչէնցօ Փալիա։
Համագումարի առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրաբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է ժողովականներուն որուն մէջ կը յայտնէ իր սրտի միութիւնը ու գնահատանքը ձեռնարկուած հաւաքին ի սպաս ''ժողովուրդներուն համար այսօր հազուագիւտ եւ կարեւոր արժէքի մը''։
''Ի՞նչ է ընտանիքը'' հարց կու տայ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ ու ապա կը հաստատէ թէ ընտանիքը ''սիրոյ բոյն մըն է''. Ուր յարգանքի եւ միութեան օրէնքը կը գերիշխէ, եւ որ կարող է դիմադրել շահարկումի եւ աշխարհիկ ''ուժային կեդրոններու'' գերիշխանութեան։
Ընտանեկան օճախին մէջ անձը բնական եւ ներդաշնակօրէն մուտք կը գործէ մարդկային խումբի մէջ, յաղթահարելով անհատի եւ ընկերութեան միջեւ գոյացած հակարակութեան սխալ ըմբռնումը։ Ընտանիքի մէջ ոչ մէկը անտեսուած է` ըլլայ ծերունին, ըլլայ մանուկը, հիւրընկալութիւն կ՛ընդունին։ Հանդիպումի եւ երկխօսութեան մշակոյթը, զօրակցութեան եւ գերբնականին ձգտումը, հոն կը գտնեն իրենց օրրանը։
Ասոր համար` կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին մէջ, ''Ընտանիքը կը կազմէ ընկերային մեծ հարստութիւն մը'', (Պենետիկտոս ԺԶ-ի ''Caritas in veritate, 44) ու այս ուղղութեամբ կ՛ուզեմ ընդգծել երկու կարեւոր նիւթեր` կայունութիւն եւ պտղաբերութիւն.
Ցմահ` հաւատարիմ սիրոյ վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները, ինչպէս ամուսնութիւնը, հայրութիւնը, եղբայրութիւնը, կը դաստիարակուին եւ կ՛ապրուին ընտանեկան յարկէն ներս։ Ու երբ այս յարաբերութիւնները կը դառնան ընկերութեան ձեւաւորումը անոր կու տան միասնականութիւն եւ հետեւողականութիւն։
Միւս կողմէ ընտանեկան սէրը պտղաբեր է, ոչ միայն որովեհետւ կեանք կը ծնի, այլեւ գոյութեան հորիզոնները կը լայնցնէ եւ նոր աշխարհ մը կը ստեղծէ, ու կը հաւաստիացնէ թէ որեւէ յուսահատութեան եւ պարտութեան դիմաց, իրարու վրայ յարգանքի եւ վստահութեան համակեցութիւնը միշտ կարելի է։

Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կ՛ակնարկէ ապա Ափարէսիտայի թղթածրարին որ կը հաստատէ թէ ''ընտանիքը պէտք չէ ներկայացուի որպէս միայն աւետարանութեան ենթակայ, այլ նաեւ որպէս դերակատար''։ Ընտանիքին մէջ կը ցոլայ Աստուծոյ դիմագիծը որ Իր ամենախոր խորհուրդին մէջ կը թոյլատրէ մարդկային սէրը դիտել որպէս Աստուածային սիրոյ ներկայութիւն։

Այն գիտակցութեամբ որ ընտանեկան սէրը կ՛ազնուացնէ մարդու բոլոր գործերը, անոնց տալով առաւել մէկ արժէք, հարկաւոր է քաջալերել ընտանիքները իրենց անդամներուն միջեւ մշակելու առողջ յարաբերութիւններ եւ գիտնալ միշտ կրկնել ''ներողութիւն, շնորհակալութիւն եւ հաճիս'' բառերը, ու Աստուծոյ դիմել իւրայատուկ գեղեցիկ այդ անունով ''Հայր''։

Թող Կուատալուփի Տիրամայրը բարեխօսէ բոլոր Ամերիկացի ընտանիքներուն համար, ու զանոնք դարձնէ կեանքի, հաշտութեան եւ ամուր հաւատքի սերմ մը, որ սնունդ կ՛առնէ Աւետարանէն եւ բարի գործերէն։

Խնդրեմ աղօթեցէք ինծի համար. Կարիքը ունիմ ձեր աղօթքներուն։
Եղբայրաբար
Ֆրանչիսկոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.