2014-08-01 11:36:52

Սուր Ինգնատիոս Տէ Լոյոլայի տօնին օրը Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Յիսուսեան Միաբանութեան մայր տունը


Յիսուսեաններու միաբանութեան Մայր Տունը հաղորդագրութիւն մը հրատարակեց, որուն մէջ կը յայտնէ թէ Յիսուսեան միաբան` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի, 31 Յուլիսի կէսօրին, Սուրբ Ինգնատիոս Տէ Լոյոլայի տօնին առթիւ, ընդառաջելով Յիսուսեան Միաբանութեան մայր տան հոգաբարձութեան հրաւէրին, ճաշի հիւրը եղած է իր եղբայրակիցներուն։
Սիրոյ սեղանին մասնակցած են նաեւ Յիսուսեան միաբան` Հայր Փաոլօ Տալլոլիոյի հարազատները որոնց Նորին Սրբութիւնը ուղղած է մխիթարական եւ քաջալերական խօսքեր, ինչպէս նաեւ ''եւրոպացի Յիսուսեաններ կազմաւորումի մէջ'' հաստատութեան աշակերտութիւնը որ այս օրերուն Հռոմ կը գտնուին։ Նորին Սրբութեան այս այցելութիւնը առանձնական բնոյթ ունի եւ անցած է մտերմիկ եւ եղաբայրական մթնոլորտի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.