2014-08-01 09:46:03

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը ՏԱՀԵՇ-ը Իրաքի ապագային սպառնալիք կը նկատէ։


ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց որոշում մը, որ Իսլամական պետութիւնը (ՏԱՀԵՇ) Իրաքի ապագային մեծ սպառնալիք մը կը նկատէ եւ Իրաքի մէջ ստեղծուած կացութեան նկատմամբ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ: Խորհուրդը նաեւ մէկ տարիով երկարաձգեց Իրաքի մէջ ՄԱԿ-ի օժանդակութեանց առաքելութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը:
Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց այն յարձակումները, զոր կը շղթայազերծէ Իսլամական պետութիւնը` կոչ ուղղելով իրաքեան կառավարութեան ամրապնդման համար ժողովրդավարական երկխօսութիւն կատարելու:
Բանաձեւը ընդգծեց. «Ճգնաժամի դարմանումին միակ ձեւը բոլոր իրաքցիներուն համագործակցութիւնն է` ընդառաջելով քաղաքայիններու ապահովական եւ քաղաքական կարիքներուն»: Անիկա իրաքեան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց պառակտումները յաղթահարելու եւ միասնաբար բոլորը ներառող քաղաքական հոլովոյթի մը ձեռնարկելու, ինչպէս նաեւ կազմելու Իրաքի բնակչութեան բոլոր հատուածներն ու անոնց կամքը ներկայացնող կառավարութիւն մը, որ կը նպաստէ ներկայ մարտահրաւէրներուն արդիւնաւէտ ու մնայուն լուծում մը գտնելուն:
Միւս կողմէ, Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանի Մուսուլէն նշեալ շրջան ապաստանած գաղթականներու ճամբարը այցելելով վերջիններուս յայտնեց, որ իրենց ապրած պայմանները ժամանակաւոր են եւ մօտ օրէն «ձեր քաղաքն ու տուները պիտի վերադառնաք գլուխնիդ բարձր»: Ան խոստացաւ գաղթականներուն բոլոր կարիքները ապահովել:
Ան փեշմերկաներուն հրամայեց Սուրիոյ քիւրտերը պաշտպանել իսլամական ծայրայեղական զինեալներէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.