2014-08-01 09:47:20

Արեւմտեան Երկիրներ մտահոգ են ''Իպոլա'' ժահրի տարածման վտանգէն։


Արեւմտեան երկիրները մտահոգ են, որ Իպոլա մահացու ժահրը, որուն օճախը Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ է, կրնայ տարածուիլ նաեւ մնացեալ ցամաքամասերուն մէջ:
Ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներուն, փետրուար ամիսէն ի վեր արեւմտեան Ափրիկէի մէջ Իպոլայի զոհերուն թիւը հասած է 672-ի: Միայն Լիպերիոյ մէջ արձանագրուած է վարակումի 200 դէպք: Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ առաջին դէպքը արձանագրուած է 1976-ին` Իպոլա գետի ափին, որուն անունով կոչուած է ժահրը: Օրին անոր զոհ դարձած է 300 մարդ:
Կը հաղորդուի, որ ժահրով վարակուած անձ մը Ափրիկէի մէջ ճամբորդութիւն կատարած է` փոխելով քանի մը օդանաւ: Այժմ աշխատանք կը կատարուի անոր հետ այդ օդանաւերուն մէջ գտնուած անձերը յայտնաբերելու: Ժահրէն վարակուած անձին վերջին թռիչքը եղած է դէպի Նիկերիոյ Լակոս քաղաքը, ուր արդէն վարակման պարագայ մը արձանագրուած է:
«Բժիշկներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը կ՛ահազանգէ, որ ժահրը վերահսկողութենէ դուրս եկած է:
Նշենք, որ ժահրը անբուժելի է եւ անկէ վարակուողը 48 ժամուան մէջ կը մահանայ: Անոր նախնական հանգրուանի ախտանշաններն են գլխու ցաւը, տաքութիւնը, յօդացաւը եւ ախորժակի կորուստը, իսկ հետագայ ախտանշանները` փսխուք, փորքշուք, ստամոքսի ցաւ, մորթի բորբոքում, ինչպէս նաեւ ներքին ու արտաքին, յաճախ աչքերէն, քիթէն կամ բերանէն արիւնահոսութիւն:







All the contents on this site are copyrighted ©.