2014-07-31 09:47:43

ՏԱՀԵՇ Մուսուլի մէջ եկեղեցի մը ականահարեց


Իրաքի եւ Շամի մէջ իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) զինեալները ականահարած են Մուսուլի կեդրոնը գտնուող Ս. Հոգի կամ «Նաւու» եկեղեցին: Անոնք եկեղեցւոյ մէջ եւ պատերուն տակ մեծ քանակութեամբ ականներ զետեղած են, ապա իրենց ինքնաշարժներով փողոցները շրջելով ժողովուրդին կոչ ուղղած են ներկայ գտնուելու եկեղեցւոյ ականահարման, որ տեղի պիտի ունենայ արշալոյսին, իսկ իրենց բնակարաններէն հեռանալու կարողութիւնը չունեցող տարեցներուն թելադրած են պատուհանները բանալ եւ տեսնել ծուխը, որ պիտի բարձրանայ:
ՏԱՀԵՇ այս նոյն ձեւին կը դիմէ, երբ կ՛որոշէ ականահարել քաղաքակրթական, քրիստոնէական, շիիական կամ սիւննիական կոթող մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.