2014-07-31 16:05:01

Ռումբ մը վնասեց Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցին ու պատճառեց երեք զոհ։


Չորեքշաբթի 30 Յուլիսին, Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կից իյնկած ռումբ մը, վնաս հասցուց ժողովրդապետութեան շէնքին ու պատճառեց երեք զոհ` երկու կին եւ մէկ այր մարդ։Այս մասին կը տեղեկացնէ Վատիկանի Ֆիտէս լրատու գործակալութիւնը, մատնանշելով թէ ռումբը, նետուած է ծայրայեղ մահմետականներու հսկողութեան տակ գտնուող հողամասէն։ Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պեզեզեան վկայած է թէ “երեկոյեան ժամը 6.15-ին, ընդհանրապէս սուրբ պատարագի արարողութեան ժամն է։ Եթէ ռումբը իյնկած ըլլար պատարագի աւարտին, երբ հաւատացեալները դուրս կու գային Եկեղեցիէն, կոտորած մը կրնար իրականանալ”։
Հայր Պեզեզեան յայտնած է նաեւ թէ յառաջիկայ կիրակի, 3 օգոստոսին, սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին, ձէթենիի մը ծառ պիտի տնկուի, ճիշդ այն վայրը ուր իյնկած է ռումբը, ու ապա գրութիւն մը պիտի զետեղուի որուն վրայ քանդակուած է “խաղաղութիւն” եւ ”Աստուած Սէր է” գրութիւնմերը։
“Այս է մեր միակ պատասխանը, այն ռմբակոծումներուն եւ բռնութիւններուն որ տարիներէ ի վեր կը ջանան մեր կեանքը փճացնել”, հաստատած է Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հովիւ` Հայր Յովսէփ Ծ. վրդ Պեզեզեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.