Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ալպանիայ կատարելիք առաքելական այցելութեան յայտագիրը`
21 սեպտեմբերին։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այսօր` Հինգշաբթի, 31 յուլիսին, հրատարակեց Ֆրանչիսկոս
Սրբազան Քահանայապետին, յառաջիկայ 21 սեպտեմբեր 2014-ին, Ալպանիայի մայրաքաղաք Թիրանա`
կատարելիք միօրեայ առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։
Սրբազան Քահանայապետը
Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն կը մեկնի առաւօտեան ժամը 7.30-ին եւ Թիրանայի ''Մայր Թերեզա''
միջազգային օդակայան կը ժամանէ 9-ին, տեղական ժամով, ուր զինք կը դիմաւորէ Ալպանիայի
վարչապետը` Էտի Ռաման։ Ժամը 9,30-ին նախագահական պալատի շրջափակին մէջ տեղի կ՛ունենայ
բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը ու ապա հանդիպում` Ալպանիայի նախագահին հետ։
Ժամը 10-ին, միշտ նախագահական պալատին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հանդիպի երկրին
քաղաքական իշխանութիւններուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը, ապա ժամը 11-ին ''Մայր Թերեզա''
հրապարակի վրայ կը նախագահէ սուրբ պատարագի արարողութեան, որուն աւարտին նոյն վայրէն
կ՛արտասանէ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։ Ժամը 13,30-ին Սրբազան Հայրը սիրոյ սեղանը
կը բաժնեկցի Ալպանացի եպիսկոպոսներուն եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն
հետ, Թիրանայի առաքելական նուիրակութեան մէջ։ Յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Նորին Սրբութիւնը,
''Բարի Խորհուրդի Տիրամօր'' անուամբ կաթողիկէ համասարանին մէջ, հանդիպում կ՛ունենայ այլ
կրօններու եւ այլ դաւանանքներու պատասխանատուներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը, հուսկ
ժամը 17-ին կը հանդիսապետէ ժամասացութեան արարողութիւնը, տեղական կղերի, կրօնաւոր եւ
կրօնաւորուհիներու, նորընծաներու եւ աշխարհական շարժումներու անդմաներու մասնակցութեամբ,
որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը իր սրտի խօսքը կ՛ուղղէ ներկաներուն։ Ժամը 18,30-ին,
Սրբազան Քահանայապետը կ՛ացյելէ ''Պեթանիա'' բարեսիրական կեդրոնը, հանդիպելով այնտեղ խնամուած
մանուկներուն եւ Ալպանիայի այլ բարեսիրական կեդրոններու պատասխանատուներուն։ Ֆրանչիսկոս
Սրբազան Հօր Ալպանիա կատարած միօրեայ այցելութիւնը վերջ կը գտնէ երեկոյեան ժամը 19,45-ին,
հրաժեշտի արարողութեամբ, որ տեղի կ՛ունենայ Թիրանայի ''Մայր Թերեզա'' միջազգային օդակայանին
մէջ, եւ որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը կը բարձրանայ օդանաւ եւ կ՛ուղղուի դէպի Հռոմ`
ուր կը ժամանէ երեկոյեան ժամը 21,30-ին, Չամփինօ օդակայն։