2014-07-31 09:57:28

Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած հնագոյն կօշիկը կ’ապշեցնէ ճանապարհորդները։


Հնագոյն Կովկասի մէջ ճամբորդելու ժամանակ պատրաստ եղէք անակնկալներու: Այս մասին ըստ News.am-ի, աւստրալական «The Age» պարբերականի մէջ կը գրէ Կովկասի երկիրներ այցելած Իզապէլ Քինկը:
«Ես կը դիտեմ Երեւանի Պատմութեան թանգարանի մէջ ցուցադրուած չորցած հնագոյն կօշիկը եւ դարցեալ կը նայիմ, որպէսզի ստուգեմ թուականը. Ք.ա. 3.500 թուական: Կը հաշուեմ. այդ 5.500 տարիէն աւելի է: Ես ցնցուած եմ նոր տեսք ունեցող կաւէ անօթներէ, որոնք 4.000 տարեկան են, ինչպէս նաեւ Սեւանայ լիճի ափերուն յայտնաբերուած անիւներէն:
Սակայն կաշիիի մէկ կտորէ կարուած այդ փոքրիկ կօշիկը ապշեցուց զիս: Այդ յստակ կը յիշեցնէ այն մասին, թէ որքան հին, բայց համեմատաբար քիչ յայտնի է աշխարհի այդ հատուածը»,- գրած է յօդուածի հեղինակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.