2014-07-30 10:28:02

Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով շուրջ 3 միլիոն սուրիացիներ ապաստան գտած են դրաձի երկիրներուն մօտ։


Սուրիոյ պատերազմի պատճառաւ 3 միլիոն բնակիչներէ աւելի ապաստան գտած են դրաձի երկիրներուն մօտ, կը հաղորդագրէ փախստականներու գծով ՄԱԿ-ի գլխաւոր տեսուչի գերտեսչութիւնը։ Իսկ երկրէն ներս 6.5 միլիոն բնակիչներ տեղահանուած են։
2014-ի առաջին վեց ամիսներուն, կէս միլիոն սուրիացիներ ապաստան գտած են Լիբանան, Իրաք ու Եգիպտոս։ Անոնք որոնք փախուստ գտած են ծովու ճամբով մեկնած են Իտալիա (64 հազար) կամ Յունաստան (10 հազար) եւ շուրջ 800 սուրիացիներ Միջերկրական ծովու մէջ ընկղմուած են։ Այս է պատերազմի հետեւանքով ներկայացուած տխուր եւ ողբերգական հաշուեկշիռը, որուն զոհերն են անմեղ քաղաքացիներ ու յատկապէս մանուկները։








All the contents on this site are copyrighted ©.