2014-07-30 17:21:30

Սուրբ Աթոռը կառավարութիւններու ուշադրութեան կը յանձնէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մտահոգութիւնները` ''Փոխանցել Ֆրանչիսկոս Պապի խաղաղութեան ի սպաս կոչերը''։


Մինչ Միջին Արեւելքը տակաւին թիրախ է բռնութիւններու, Սուրբ Աթոռը դիւանագիտական ձեռնարկ մը որդեգրած է որուն նպատակն է մասնակից դարձնել կառավարութիւնները Միջին Արեւելքը յուզող տագնապին։
Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Վատիկանի արտգործ նախարար` գերապայածառ Տոմինիք Մամպերթի, յայտնեց թէ այս առընչութեամբ տեղեկագիր մը ուղարկուած է Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած բոլոր դեսպաններուն, որուն մէջ պարունակուած են Սրբազան Քահանայապետի վերջին ամինսերուն ընթացքին խաղաղութեան ի սպաս ուղղած կոչերը, անոնցմէ խնդրելով որ իրենց կարգին զայն փոխանցեն իրենց կառավարութիւններուն։
Գերապայածառ Մամպերթի յայտնեց թէ Սուրբ Աթոռը մօտէն եւ մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Միջին Արեւելքի կացութեան եւ հոն ապրող քրիստոնեաներու իրավիճակին։ Անոնք – ըսաւ Վատիկանի դիւանագէտը – անարդար տանջանքներու ենթարկուած են, ու անոնցմէ շատերը ստիպուած են գաղթել։ Միայն Մոսուլի մէջ, 30 Եկեղեցիներ եւ վանքեր գրաւուած ու թալանուած են ծայրայեղներու կողմէ։ ''Յիշելու ենք որ Քրիստոնեաները վաղուց` Եկեղեցւոյ ծնունդէն ի վեր, կ՛ապրին Իրագի եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու մէջ, ու անոնք մեծապէս սատարած են այդ երկիրներու ընկերութեան զարգացումին ու կը փափաքին շարունակել գոյատեւել այն հողերու վրայ որպէս խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն կառուցողներ'' դիտել տուած է Գերապայածառ Մամպերթի ու ապա յայտնած է թէ Սուրբ Աթոռը կը գործէ տարբեր մակարդակներու վրայ. Նախ նոյնինքն Սրբազան Քահանայապետը, բազմաթիւ առիթներով իր մօտիկութեան յուզիչ արտայայտութիւնները յայտնեց մերձաւոր արեւելքի քրիստոնեաներուն, յատկապէս Մոսուլի ընտանիքներուն, հաւատացեալներէն խնդրելով որ աղօթեն իրենց համար, ինչպէս նաեւ ''Քոր Ունում – Մէկ սիրտ'' վատիկանեան բարեսիրական հաստատութեան միջոցաւ օգնութեան կը հասնի կարօտեալներուն։
Սուրբ Աթոռը, իր կարգին, դիւանագիտական միջոցներու ուղիով, կը շարունակէ միջազգային հասարակութեան ուշադրութեան յանձնել մեր եղբայր ու քոյրերուն ապրած դժբախտ իրավիճակը ու անոնց անյայտ ճակատագիրը եւ այս ուղղութեամբ է որ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած բոլոր դեսպաններուն ուղարկուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի խաղաղութեան ուղերձները պարունակող տեղեկագիր մը, այն յոյսով որ միջազգային հասարակութիւնը, հարցերը իւրացնէ, քանի որ վտանգուած են մարդկային արժանապատուութեան հիմնական սկզբունքները եւ ամէն անհատի իրաւունքի յարգանքը, մարդոց եւ ժողովուրդներու խաղաղ եւ ներդաշնակ համակեցութեան լոյսին տակ։
Անդրադառնալով ապա Կազզայի մէջ գոյատեւող բախումներուն Գերապայծառ Մամպերթին զանոնք նկատած է տխուր եւ ողբալից մատնանշելով Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրին` շարունակելու աղօթք բարձրացնել առ Աստուած, Անորմէ խնդրելով խաղաղութեան շնորհքը։ Կ՛ուզեմ վերակոչել – ըսած է Վատիկանի արտգործ նախարարը – Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրաւէրը` բոլոր անոնց որ քաղաքական պատասխանատութիւններ ունին, չխնայելու որեւէ ջանք, դադրեցնելու համար հակառակութիւնները եւ ձգտելու խաղաղութեան։ Եւ այնպէս ինչպէս կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը ''շատ աւելի քաջութեան կարիք կայ խաղաղութիւնը հաստատելու համար քան պատերազմ ընելու'' եւ միշտ նկատի ունենալու ենք թէ ''հասարակաց բարիքը եւ ամէն անհատի արժանապատութիւնը դրուելու է որեւէ մէկ որոշումի որպէս կեդրոն''։







All the contents on this site are copyrighted ©.