2014-07-30 10:38:12

Մալթայի ասպետներու լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահը այցելեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին։


Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ 29 Յուլիս 2014, երեքշաբթի ընդունեց այցելութիւնը Մալթայի Ասպետներու լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահ Մարուան Սեհնաուին, որուն կ'ընկերակցէին Մոցար Շահին եւ տէր Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան։ Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին պր. Սեհնաուի ներկայացուց ընկերակցութեան մարդասիրական լայնածաւալ գործունէութիւնը Լիբանանի ամբողջ տարածքին։ Ընկերակցութիւնը, որ կը վայելէ Վատիկանի անմիջական հովանաւորութիւնը, կը ծառայէ առանց համայնքային կամ դաւանանքային խտրութեան, պահպանելով մարդու արժանապատուութիւնը եւ յարգելով տարբերութիւնները։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հետաքրքրուեցաւ սուրիացի գաղթականներուն՝ ընկերակցութեան կողմէ ցուցաբերուած հոգատարութեամբ։
Այնուհետեւ, խօսակցութիւնը շօշափեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն տառապալի վիճակը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ ընտանիքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ օր ըստ օրէ աւելի նիւթապաշտ ընկերութենէն ներս քրիստոնէական մշակոյթին նահանջը արգելակելու հարցերը։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց կարեւորութիւնը ընտանիքին նուիրուած Սիւնհոդոսին որ պիտի գումարուի Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրով Հռոմի մէջ։
Շնորհակալութեամբ եւ գործակցութեան մաղթանքով՝ Մալթայի Ասպետներու լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահը հրաժեշտ առաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.