2014-07-30 10:50:13

Առաջին անգամ հրատարակման կը պատրաստուի հայ երաժշտութեան հանրագիտարան։


Երաժշտական հանրագիտարանները, ինչպէս եւ առհասարակ հանրագիտարանները, նշանակալի ներդրում են համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան մէջ եւ կը համարուին ազգային հարստութեան անքակտելի մաս: Երաժշտական հանրագիտարաններ ունին գրեթէ բոլոր քաղաքակիրթ ժողովուրդները` երաժշտութեան պատմութեան համաշխարհային գործընթացներու մէջ շեշտելով նաեւ սեփական ժողովուրդի ձեռքբերումները այդ ոլորտին մէջ:
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ մինչ օրս մեր մօտ գոյութիւն չունի նման համապարփակ հրատարակութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը ձեռնարկած է “Հայ երաժշտութեան հանրագիտարան”-ի ստեղծումը եւ հրատարակումը: Այս նպատակով ՀՀ մշակոյթի նախարարի հրամանով ստեղծուած է յանձնաժողով, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են վաստակաշատ երաժշտագէտներ, Հայկական հանրագիտարանի հրատարակչութեան, ՀՀ ԳԱԱ արուեստի ուսումնարանի, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի, Հայաստանի երաժշտահաններու եւ երաժշտագէտներու միութեան, Հայաստանի երգչախմբային ընկերութեան ներկայացուցիչներ:
Յուլիս 26-ին ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւն հրաւիրուած էր վերոնշեալ յանձնաժողովի առաջին նիստը. ներկայացուած է նախարարութեան յանձնարարութեամբ Հայկական հանրագիտարան հրատարակչութեան կողմէ պատրաստուած նախագիծը, որուն շուրջ տեղի ունեցած մտքերու փոխանակութեան եւ առաջարներու քննարկմամբ` ճշդուած է հանրագիտարանի կառուցուածքի եւ թեմաթիկ բառացանկի սկզբունքները, ինչպէս նաեւ ընթացիկ կազմակերպչական հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.