2014-07-30 10:45:41

Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդը շնորհաւորեց Իսլամները Ֆիթրի տօնին առթիւ։


Իսլամներու Ֆիթրի տօնին առիթով, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Օգոստինոս եպս. Գուսա այցելած է Եգիպտոսի մէջ Ազհարի շէյխ Ահմատ Ալ Թայյէպին, զինք շնորհաւորելու եւ իր բարեմաղթանքները փոխանցելու համար: Հանդիպումին, երկու կողմերը անդրադարձած են Արեւելքի դժուարին պայմաններուն, խնդրելով Աստուծմէ որ տարածաշրջանին մէջ վերահատատուի խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը։
Նշենք, որ գերապայծառ տէրը այս առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած է նաեւ Եգիպտոսի նախագահին, Ազհարի շէյխին, հանրապետութեան միւֆթիին եւ երկրի այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.