2014-07-29 08:46:36

Ֆրանսացի ճարտարապետները կ՛առաջարկեն Պրազիլական նորակառոյց մարզադաշտերը տրամադրել կարիքաւորներուն


Dna.ru կայքը կը գրէ, որ թէեւ հսկայական գումարներ ծախսուած են Պրազիլի մէջ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան հիւրընկալման համար մարզադաշտեր կառուցելու նպատակով, սակայն Մոնտիալի աւարտէն ետք անոնք դարձած են ոչ պիտանի: Միեւնոյն ժամանակ հազարաւոր պրազիլցիներ բնակարանի կարիք ունին: Այդ պատճառով ալ ֆրանսացի ճարտարապետներ Աքսել տէ Սթամփա եւ Սիլվեն Մաքաու առաջարկած են ձեւափոխել մարզադաշտերը` զանոնք կարիքաւորներու համար բնակավայրի վերածելով:
Աղբիւրը կը գրէ, որ տակաւին շատ հարցումներ կան ճարտարապետներուն ուղղուած, օրինակ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կառուցուի հասարակաց ենթակառուցուածքը կամ արդեօք մարզական կառոյցը պիտի կարենա՞յ դիմանալ լրացուցիչ ծանրաբեռնուածութեան:
Երեւակայական նախագիծի իրականացումը ամբողջովին կարելի է, յատկապէս եթէ հաշուի առնուի այն, որ որոշ մարզադաշտեր եղած են ժամանակաւոր կառոյցներ եւ ախոյեանութեան աւարտէն ետք կրնան դիւրութեամբ կազմաքանդուիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.