2014-07-28 13:51:21

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը` Քազերթայի Աւետարանական Եկեղեցւոյ հասարակութեան հետ։


Երկուշաբթի, 28 յուլիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ինքնաթիռով վերադարձաւ Քազերթա` ուր անցեալ շաբաթ 26 յուլիսի յետմիջօրէին, Քազերթայի պաշտպան սուրբ` Սրբուհի Աննայի տօնին առթիւ, կարճատեւ այցելութիւն մը կատարած էր որուն ընթացքին հանդիպում ունեցած էր Քազերթա թեմի կղերին հետ ու ապա Քազերթայի հանրածանօթ ''Ռէճճա Տի Քազերթա'' արքայական պալատի մուտքի տարածքին մատուցած էր սուրբ պատարագը, երկու հարիւր հազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, անոնց ուղղելով յոյսի եւ մխիթարութեան խօսքեր ու հրաւիրելով որ երբեք յոյսը չկորսնցնեն ու զայն դնեն Յիսուսի վրայ որ յուսախափ չի լքեր ոչ մէկը։
Այս երկրորդ այցելութիւնը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 10,15-ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Քազերթա ժամանումով ու ապա Քազերթայի Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ` Ճովաննի Թրաէթթինոյին հետ առանձնական հանդիպումով։ Նորին Սրբութիւնը Ճովաննի Թրաէթթինոյին ծանօթացած էր երբ Պուէնոս Այրէսի մէջ կը ծառայէր։
Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւին տան մէջ առանձնական հանդիպումէն ետք Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ նաեւ աւետարանական եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն հետ ու անոնց ուղղած խօսքին մէջ նշեց թէ ինք եկած է ''իր եղբայրները այցելելու'' մատնանշելով թէ Աւետարանական եկեղեցւոյ անդամներն ալ կը սիրեն Քահանայապետը։ Նորին Սրբութիւնը ապա յանուն կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներողութիւն խնդրեց ներկաներէն կաթողիկէներու կողմէ, անցեալին` Ֆաշիսթական շրջանին, տեղի ունեցած հալածանքներուն համար։
Մօտ 350 հաւատացեալներու ներկայութեամբ արտասանած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ Սուրբ Հոգին է որ Եկեղեցին կը ճոխացնէ բազմազանութեամբ` բեղուն ու գեղեցիկ բազմազանութիւն մը եւ թէ միշտ միեւնոյն Սուրբ Հոգին է որ միութիւնը կ՛իրագործէ։ ''Եւ այսպէսով Եկեղեցին մի է բազմազանութեան մէջ'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց ''յաղթահարել քրիստոնեայ զանազան դաւանանքներու միջեւ գոյատեւող խոչընդոտները'' մատնանշելով որ ''միութեան ճանապարհը կ՛անցնի արուարձաններէն, ուր կր գտնուին բազմաթիւ եղբայրներ որոնք Աստուծոյ կարիքը ունին, ու անօթի են ոչ թէ հացի պակասութեան պատճառաւ այլ Աստուծոյ''։ Աւետարանը – հաստատեց հուսկ Ֆրանչսկոս Պապը – ճշմարտութիւն, սէր եւ գեղեցկութիւն է''։
Յայտնենք թէ հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը հասարակութեան հետ կիսեց եղբայրական ճաշը ու ապա յետմիջօրէին վերադարձաւ Վատիկան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.