2014-07-29 12:04:40

Յիսուսեան հայր Փաոլօ Տալլոլիոյի արեւանգումէն անցաւ մէկ տարի։


Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` Հայր Փաոլօ Տալլոլիօ անցեալ 29 Յուլիս 2013-ին, Սուրիոյ ահաբեկիչներէն արեւանգուեցաւ մինչ կը գտնուէր Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքը հաշտարարի դեր կատարելու կամքով։ Անոր արեւանգումի տխուր տարեդարձին առթիւ` անոր պարագաները հեռուստատեսիլային պատգամի միջոցաւ ահաբեկիչներուն կոչ ուղղեցին տեղեկութիւններ տալու ''հաւատքի եւ խաղաղարար մարդու'' մասին, որպէսզի կարողանանք – ըսին Հայր Տալլոլիոյի եղբայրն ու քորը - զայն ողջագուրել կամ հակառակ պարագային նաեւ` զայն ողբալ։
59 տարեկան հայր Փաոլօ Տալլոլիոյ ճանչցուած է որպէս քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ երկխօսութեան մարդ։ Սուրիոյ մէջ հիմնած է ''Մար Մուսա'' համամիութենական վանատունը եւ յաճախ անոր յանձնուած է միջնորդի առաքելութիւն մը։ Մինչեւ օրս ի զուր եղան ահաբեկիչներու հետ կապ հաստատելու փորձերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.